
Հայ մշակոյթին կեանք եւ ոգի ներարկող հայ երաժշտութիւնը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ առանցքային դեր եւ տեղ ունի: Հայ գուսաններն ու աշուղները օրին իրենց ստեղծագործութիւններով հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ անուրանալի աւանդ մը ձգեցին` քաջ գիտնալով, որ անոնք հայապահպանման առաքելութեան նպաստող ազդակներ են: Փաստօրէն, 21-րդ դարուն արուեստասէր հասարակութիւնը եւ ի մասնաւորի լիբանանահայ գաղութը անյագօրէն եւ անհամբեր կը սպասեն աշուղական երգերու համերգի կայացման:
Ուրբաթ, 3 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութիւնը անխառն զգացումներով ներկայ գտնուեցաւ աշուղական երգերու մենահամերգի` կատարողութեամբ հայրենի աշուղական երգերու մեկնաբան Վարդան Պատալեանի: Համերգին յաւելեալ փայլք տուաւ հայկական ժողովրդային նուագարաններու «Շերամ» համոյթը: Ելոյթին հովանաւորն էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, իսկ կազմակեպողն էր Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութիւնը: