
Ուրբաթ, 14 մարտ 2008-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, Ազգային «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի Մուսա Լեռ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդան Պետրոսեանի «Վերելք» մենաներկայացումը՝ ներկայութեամբ Այնճարի բնակչութեան:
Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Այնթապլեան, որ նշեց, թէ Համազգայինը միշտ քաջալերողը հանդիսացած է այն արուեստագէտներուն, որոնք հայկական մշակոյթի պահպանման մէջ կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը:
Այնթապլեան օրուան մենակատար Վարդան Պետրոսեանի հակիրճ կենսագրութիւնը ներկայացնելէ ետք՝ ըսաւ, որ «Վերելք»ը նոյնինքն խորհրդածութիւններու առիթ տուող ներկայացում մըն է, որմէ շարք մը պատգամներ կարելի է քաղել:
Ապա բեմ բարձրացաւ արուեստագէտ Վարդան Պետրոսեան, որ «Վերելք» մենաներկայացումով ծիծաղի ու խորհրդաւոր պատկերներու ընդմէջէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան՝ ներկաներուն փոխանցելով, թէ հայութեան վերելքը պէտք է ի սպաս ծառայէ վերելքի մը, որպէսզի հայութիւնը դուրս գայ ողբերգական վիճակէն:
Ներկայացումէն ետք Վարդան Պետրոսեան ըսաւ, որ այս ելոյթին պատգամը չէ ուղղուած մուսա լեռցիներուն, որովհետեւ անոնք իրենց գործով փաստած են, թէ ունին հաւաքական հասկացողութիւն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին, որ 80 տարիներու ընթացքին ծառայած է մշակոյթին:
Շարունակելով միջին արեւելեան իր շրջապտոյտը՝ ան 15 մարտին ելոյթ ունեցաւ Դամասկոսի մէջ՝ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ՝ 16 մարտին, Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ: Ամէնուրեք ան արժանացաւ հանդիսատեսներու բարձր գնահատանքին:
Վարդան Պետրոսեան ելոյթներով հանդէս պիտի գայ նաեւ Կիպրոսի, Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ: