
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 9 Մարտ 2008ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 80ամեակին առիթով Վարդան Պետրոսեանի «Վերելք» մենաներկայացումը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի եւ արուեստասէր հոծ բազմութեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ դիւրին չէ ժպիտով թերթատել Մեծ Եղեռնի սեւ էջերը, երբ իւրաքանչիւր հայու մտքին ու հոգիին մէջ տակաւին այդ ցաւերէն մնացած է բոց մը, որ հետեւանքն է նահատակներու արեան կանչերուն: Ան շեշտեց, որ բարձրորակ կերպով ծիծաղի ընդմէջէն հայութեան տառապանքներուն ներկայացումը արուեստի բացառիկ գործ է, քանի որ դժուար է հակադրուող մթնոլորտին մէջ փոխանցել գեղեցիկն ու գրաւիչը: Րաֆֆի Տեմիրճեան հաստատեց, թէ Վարդան Պետրոսեան հայ մշակոյթի արթուն պահակներու նորանոր տիտաններուն փաղանգին մաս կը կազմէ:
Ապա բեմ բարձրացաւ արուեստագէտ-մենակատար Վարդան Պետրոսեան, որ երկու արարներու ընթացքին հանրութեան ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութեան վիշտը, որ հայուն մօտ ստեղծած է քանդուածը վերականգնելու եռանդը:
Պետրոսեան անդրադառնալով Կոմիտասի արժէքին ըսաւ, թէ Կոմիտասը հայութեան Քոլոմպոսն է, որ իր ստեղծագործութիւններով բարձր պահած է հայուն պատիւը:
«Վերելք» մենաներկայացումին ընթացքին Վարդան Պետրոսեան տարբեր առիթներով ժպիտներու ճամբով հանրութեան փոխանցեց հայու նկարագիրը կազմող շարք մը յատկանիշներ, որոնք ստեղծուած են հիմնուելով հայութեան ապրելակերպին ու դժուարութիւններուն վրայ:
Ան նշեց, որ պատմութենէն պէտք է դասեր քաղել՝ չկրկնելու համար միեւնոյն սխալները՝ հաստատելով, որ թուրքը բոլոր ժամանակներուն եղած է բարբարոս:
Վարդան Պետրոսեան շեշտեց, որ հայութիւնը պէտք չէ ունենայ «մեկուսի երջանկութեան դաւանանք», այլ պէտք է տոգորուի ազգի շահերը գերադաս նկատելու հասկացողութեամբ:
Արուեստագէտը Կոմիտասին կեանքը ներկայացնելով ներկաներուն փոխանցեց, որ հայութիւնը ինքն իր նկատմամբ պէտք է ունենայ վստահութիւն՝ երբեք գրաւներ չդնելով օտարներուն վրայ:
Շուրջ երկու ժամ տեւած «Վերելք» մենաներկայացումի աւարտին Վարդան Պետրոսեան կոչ ուղղեց սթափելու, որպէսզի անցեալի սխալները օգտագործելով կարելի ըլլայ կերտել մաքուր հոգի ու միտք:
Ներկայացման աւարտին Վ. Պետրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին՝ շեշտելով, որ միութիւնը իր 80ամեայ երթին մէջ հայապահպանման համար մեծ աշխատանք կատարած է: