
«Ասպարէզ».- 3 Յունիս 2016-ին, Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7ին տեղի ունեցաւ Վիգէն Չալտրանեանի «Վարդապետի Լռութիւնը» շարժապատկերի ցուցադրութիւնը, Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Պէրպէրեան» սրահին մէջ։
Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին, ձեռնարկը կը վայելէր շրջանիս երեք առաքելական եկեղեցիներուն գործակցութիւնը։ Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, Տաճատ վրդ. Աշըգեան, Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան, Եսայի քհնյ. Պետրոս եւ արուեստասէր հասարակութիւն մը։
«Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին կողմէ, ատենապետուհի Սրբուհի Մսրլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բեմադրիչ Վիգէն Չալտրանեանին, որ կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակին նուիրուած իր պատրաստած շարժապատկերը։
Կոմիտասեան խնկելի մթնոլորտի մէջ ընկղմած՝ դիտեցինք երկու ժամ տեւող «Վարդապետի Լռութիւնը»։ Շարժապատկերի բնաբանը եւ տուայտալից պատմական դէպքերու յիշատակումը եկան անգամ մը եւս վերանորոգելու Ցեղասպանութեան պատճառած հոգեկան ու ֆիզիքական անդարմանելի աղէտներուն յուշերը։
Ցուցադրութեան աւարտին, բեմադրիչը իր սպառիչ բացատրութիւններով գոհացում տուաւ ներկաներուն կողմէ եղած հարցումներուն։
Վարձքդ կատար յարգելի բեմադրիչ Չալտրանեան։