
Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը 8 Մարտ 2019- ին կազմակերպած էր գրական երեկոյ մը, նուիրուած Վեհանոյշ Թեքեանին։
Դասախօս՝ Դոկտ․ Միրնա Տուզճեան, ձեռնհասօրէն ներկայացուց Վեհանոյշ Թեքեանի գրական վաստակը։
Պըրքլի համալսարանի իր աշակերտները բեմականօրէն ներկայացուցին Վեհանոյշ Թեքեանի «Հայոց Պատմութիւն»ը այնքան բնական, եւ այնքան հարազատ, որ ներկաները պահ մը ապրեցան անցեալի իրենց յուշերով։
Պըրքլի համալսարանի «Արձագանգ» խումբէն 3 աշակերտուհիներ երգեցին 3 երգ․․․ «Ծիրանի Քարը, Հինաս ես եւ Աղունիկ»։ Վաստակաւոր երգչուհի՝ Նատիմա Աւագեան ընկերակցութեամբ Նայիրի Սարգիսի, երգեց «Օրօր, Քելէ-Քելէ եւ Երկինքն ամպել է»։
Յայտագրի աւարտին, Գրագիտուհին իր խօսքով՝ «Կնոջ ձայնը հայ գրականութեան մէջ» եւ յայտագիրը իր բովանդակութեամբ անգամ մը եւս բարձր ձայնով լսելի դարձուցին Կնոջ Ձայնը։
Շնորհակալութիւն Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մաասնաճիւղին արժանավայել այս ձեռնարկին։