
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ՝ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան, «Թէքէեան» եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ միութեան, յոբելենական հանդիսութիւն մը կազմակերպուեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան փայլուն ներկայացուցիչներէն Վեհանոյշ Թեքեանի ծննդեան 70-ամեակին եւ գրական կեանքի 55-ամեակին առթիւ:
Այս առթիւ, կազմակերպիչները դիմեցին իր գրչակիցներուն, խնդրելով իւրաքանչիւրէն ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքը՝ զետեղուելու համար յոբելեարին յանձնուելիք յուշամատեանի էջերուն վրայ: Մեծ թիւով գրողներ, բանաստեղծներ, խմբագիրներ, մտաւորականներ թէ նախարարներ սիրով ընդառաջեցին իրենց շնորհաւորագիրներով եւ գնահատագիրներով, իսկ հայ բանաստեղծութեան նահապետին՝ Ժագ Ս.Յակոբեանին կողմէ հռչակուելով հայ գրականութեան «Տիկնանց Տիկին»ը:
Այդ Ալպոմը յանձնուեցաւ յոբելեարին՝ իբրեւ յուշ, որմէ կը մէջբերենք Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ իրեն ձօնուած խօսքը.