
27 Ապրիլ 2019-ին, Վենետիկի մէջ, 2-րդ տարին ըլլալով սկիզբ առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ կազմակերպուող Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 29 Ապրիլ:
Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքի առաջին բաժինը ծանօթացման հանդիպում մըն էր, որուն ընթացքին Հայաստանէն, Լիբանանէն, Թուրքիայէն, Վիեննայէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն եւ Իտալիայէն եկած մասնակիցները իրենք զիրենք ներկայացնելէ ետք, ծանօթացան նաեւ հաւաքի պատասխանատուներուն՝ ընդհանուր պատասխանատու Արա Բարսեղեանին եւ օգնականներ՝ Մենար Պոյաճեանին ու Հրայր Գալեմքերեանին: Նոյն վայրը կը գտնուին եւ հաւաքի մասնակիցներուն հետ ժամանակ կ'անցընեն հաւաքի աշխատանոցներու ղեկավարներ՝ Շաքէ Մէյճըր Չիլինկիրեան, Յասմիկ Շահինեան, Վարդան Պետրոսեան, Հրակ Գարագաշեան:
Համազգայինին, անոր տարած լայնածիր գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին՝ երիտասարդական հաւաքներ, մանկական խաղեր (Լալան ու Արան) եւայլն, խօսեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նստավայրի գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեանը:
Առաջին աշխատանոցը վարեց Յասմիկ Շահինեան, որ ներկայացուց «կարդալ, գրել, ստեղծագործել» նիւթը, որուն ընթացքին հաւաքի մասնակցիները ունեցան իրենց ներդումը՝ նիւթը զարգացնելու, ընդլայնելու իմաստով, ինչպէս նաեւ ուղղեցին բազմաթիւ հարցումներ: