
Հովանաւորութեամբ մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարք Պշարա Ռայիի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներ` Կոմիտաս արք. Օհանեանի, Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ վեր. Նշան Պագալեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի, Հայաստանի դեսպանատան անձնակազմին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ քաղաքապետական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, մարզական, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, ուսանողական, երիտասարդական միութիւններու եւ կառոյցներու մեծ թիւով ներկայացուցիչներու եւ պատասխանատուներու, հոգեւորականներու, արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ հայ, արաբ եւ օտար հոծ բազմութեան, Երեքշաբթի, 25 Ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, մարոնիներու Պքերքէի պատրիարքարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք եւ համերգ` «Վերածնունդ» խորագիրով, կատարողութեամբ Շողիկ Թորոսեանի` սոփրանօ (Լիբանան), Սիփան Օլայի` թենոր (Անգլիա), Մարիա Փալազեանի` դաշնակ (Անգլիա), մասնակցութեամբ Համազգայինի քառեակին` Արմէն Ճէնտէրէճեան (ջութակ), Ալեքս Տօներեան (ջութակ), Աննա Քիւտորֆ (ալթ) եւ Անժել Յունանեան (թաւջութակ):