
Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդին կողմէ նոր սերունդին փոխանցուելիք պատգամներուն ու աւանդներուն հիմնական աղբիւրը կը հանդիսանան այն հրատարակութիւնները, որոնք կը պարունակեն այդ սերունդի ապրուած կեանքի փաստացի տուեալներ, ոչինչէն ամէն բան ստեղծելու պայքար ու անկոտրում կամքի դրսեւորում:
Չորեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին երկրորդ յարկին վրայ տեղի ունեցաւ նման գիրքի մը` Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» վերահրատարակուած հատորին շնորհահանդէսը:
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ Սոնա Թիթիզեան ներկայացուց հատորը` դիտել տալով, որ անիկա պատմագրական յուշագրութիւն մըն է, պատմական դէպքերը յիշատակող մեծարժէք աղբիւր մը, որովհետեւ հոն կը մարմնաւորուին ազգի մը պատմութեան ամէնէն ողբերգական եւ վերապրումի կարեւորագոյն ժամանակաշրջանէն դէպքեր: