
Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր Հալէպ քաղաքին մէջ կը գործէ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը, որուն շնորհիւ կը պատրաստուին հայագիտական գիտելիքներով զինուած հայ երիտասարդուհիներ: Անոնք պիտի կազմեն ապագայ սերունդին հայ լեզու եւ գրականութիւն ջամբող փաղանգը եւ պիտի գոհացնեն Սուրիոյ կարգ մը հայաբնակ քաղաքներու եւ աւաններու մէջ գործող հայ վարժարաններէն ներս հայերէն լեզու դասաւանդող ուսուցիչներու պահանջը:
Հետեւաբար ակնյայտ է, թէ ինչո°ւ հիմնարկը կը վայելէ նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը Ազգային Իշխանութեան,Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին եւ եկեղեցիներու թաղականութեանց, դառնալով յոյժ կարեւորութիւն ունեցող հիմնարկ մը:
Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը իր հմուտ եւ մասնագէտ տեղացի դասախօսական կազմին կողքին, յաճախ կը հիւրընկալէ տարբեր գաղութներէ եւ հայրենիքէն ժամանած հիւր դասախօսներ, որոնց շարքին մաս կազմեց վերջերս գաղութս այցելած ֆրանսահայ երիտասարդ, մասնագիտութեամբ քաղաքագէտ, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի թղթակից եւ ֆրանսայի «France Arme°nie» թերթի խմբագրական կազմի անդամ Տիգրան Եկաւեանը, հիմնարկի աշակերտութեան ներկայացնելով «Ֆրանսահայ Մամուլ»ը:
Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ զեկոյցը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 29/Դեկտեմբեր/2009-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայագիտական Հիմնարկէն ներս, ներկայութեամբ՝ համազգայնականներու, հիմնարկի պատասխանատուներու, դասախօսներու եւ ուսանողներու:
Յետ ծանօթացման, հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ուսանողներուն խորհրդածելու մամուլի եւ մասնաւորաբար հայ մամուլի մասին, որուն պարտականութիւնը տեղեկատուութիւն է, նաեւ գիտելիքներու ու մշակոյթի զարգացման եւ տարածման միջոց:
Յարգելի դասախօսը փոխանցեց, թէ Սփիւռքահայ մամուլը մեծ դեր ունեցած է սփիւռքահայութեան մշակութային կեանքէն ներս եւ եղած՝ միակ միջոցը հայրենիքի եւ սփիւռքի լուրերու փոխանակման, անոնց մշակութային, գրական ու երիտասարդական գործունէութիւններու փոխադարձ ծանօթացման:
Երիտասարդ դասախօսը հաճելի կերպով եւ հաղորդական ոճով, տեսասալիկի օգտագործմամբ ներկայացուց ընդհանուր համապատկերը ֆրանսահայ մամուլին: Անդրադարձաւ անոր կազմաւորման շրջանին մաս կազմող թերթերուն եւ անոնց ունեցած դերին, յատուկ տեղ յատկացնելով «Յառաջ»ին՝ Եւրոպայի մէջ առաջին հայատառ թերթին եւ անոր ունեցած պատգամին, որ պաշտպանեց ֆրանսահայ գաղութի եւ հայ ժողովուրդի շահերը, փառաւորեց այն ազգանուէր հայրենակիցները, որոնք արժանի էին յարգանքի, նոր շունչ տուաւ արեւմտահայութեան եւ արձագանգեց անոնց ապրումներուն օտար ափերուն մէջ:
Զեկուցաբերը անդրադարձաւ նաեւ «Յառաջ»ի հետզհետէ կղզիացման, որուն պատճառներն էին՝ արդիականացման մերժումը, ժառանգորդ չունենալը, ինչպէս նաեւ փոխարինող նոր սերունդ պատրաստած չըլլալը: Տիգրան Եկաւեան նշեց, թէ «Նոր Յառաջ»ը առնչութիւն չունի Միսաքեանի հրատարակած «Յառաջ»ին հետ. ա°յն «Յառաջ»ին, որ տասնեակ տարիներ մեր ժողովուրդին հայկականութիւն քարոզեց եւ գիտակից սերունդ պատրաստեց:
Տիգրան Եկաւեան յաջորդաբար ներկայացուց ֆրանսահայ թերթերը, ֆրանսախօս մամուլի մաս կազմող անունները, ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող յարանուանական մամուլը, ինչպէս նաեւ հայասէր մամուլը, անդրադառնալով իւրաքանչիւրին կազմաւորման պայմաններուն, ուղղուածութեան եւ կատարած դերին:
Յարգարժան հիւրը «Յառաջ»ի կողքին ծանրակշիռ տեղ յատկացուց նաեւ «France Arme°nie» թերթին, նշելով անոր կրած հիմնական փոփոխութիւնները 1982-էն մինչեւ այսօր: Անդրադարձաւ անոր տարած մշակութային պայքարին դէպի համահայկական մամուլ «Transnationalism» եւ Սփիւռքի գիտակցութեան զարգացման ունեցած ներդրումին:
Իր զեկոյցով հայագիտականի ուսանողները համոզուեցան, որ մամուլը մեծ դեր ունեցած է միջազգային եւ ազգային իրականութեան մէջ եւ լոյս սփռած տեղի ունեցած դէպքերուն վրայ, դառնալով հայելին մեր ընկերութեան:
Տիգրան Եկաւեան մատնանշեց ներկայիս ֆրանսահայ մամուլի որակազրկման եւ տկարացման ցաւալի իրավիճակը, զայն վերագրելով մտաւորական-յօդուածագիրներու եւ վերլուծական յօդուածներու բացակայութեան: Անդրադարձաւ, թէ արտասահմանի մէջ թերթ պահելը քաջութիւն է. թերթը պէտք է ըլլայ նաեւ առեւտրական ձեռնարկ, որպէսզի իր շուրջ համախմբէ լաւագոյն ուժեր, ինչպէս նաեւ ընդարձակէ բաժանորդներու եւ ընթերցողներու քանակը:
Ուսանողները հաճոյքով ունկնդրեցին Եկաւեանի զեկոյցը. հետաքրքրական եւ օգտակար ընտրութիւն էր «ֆրանսահայ Մամուլ»ի նիւթը, մանաւանդ որ սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ լոյս տեսած աւելի քան չորս տասնեակ անուններէն տասնութ անուններ կը գործէին Փարիզի մէջ եւ անոնք մամուլի միջոցաւ ազատօրէն կը շեփորէին իրենց դաւանած ճշմարտութիւնները:
Զեկոյցի աւարտին եղան հարցադրումներ հայագիտականի դասախօսներու եւ ուսանողներու կողմէ, որոնց հաճոյքով պատասխանեց երիտասարդ զեկուցաբերը:
Այս առթիւ Տիգրան Եկաւեանին կը մաղթենք նոր նուաճումներ եւ կրկին հանդիպում Հայագիտական Հիմնարկէն ներս:
Հայագիտական Հիմնարկի շրջանաւարտ
Անի Չալեան