ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ

Տիթրոյթի «Համազգային»-ի «Արաքս» պարախումբը մեծ շուքով տօնեց Երեւանի 2800-ամեակը, Կոմիտասի 150-ամեակը եւ «Արաքս» պարախումբի 15-ամեակը։ Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Շողեր Ուրլեան եւ բեմ հրաւիրեց պարախումբը, որ բացառիկ եւ խանդավառ ելոյթով խանդավառեց ներկաները։ «Արաքս» պարախումբի նպատակը միայն հայկական պար սորվեցնելը չէ, այլ նաեւ՝ հայ երիտասարդներ քով-քովի բերել հայկական ոգիով դաստիարակել եւ մօտիկ բարեկամութիւն ստեղծել։ «Համազգային»-ի Արաքս պարախումբը, ղեկավարութեամբ Նայիրի Կարապետեանի կը հաշուէ մօտ 130 անդամ, որոնք հետեւողական ձեւով փորձեր կը կատարեն։ Նաեւ, այս պարախումբին մօտէն կը քաջալերէ եւ շարունակ նեցուկ կը կանգնի շրջանի Հ․Յ․Դ․ «Ազատամարտ» կոմիտէութիւնը։