
Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Յարութիւն Արմէնեանի ջրաներկերու ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ արուեստասէրներու եւ համազգայնականներու, ինչպէս նաեւ տոքթ. Արմէնեանի նախկին գործակիցներուն եւ բարեկամներուն:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Սիւզի Տէրտէրեան: Ան վեր առաւ Յարութիւն Արմէնեանի մտաւորականի եւ արուեստագէտի յատկանիշները, որոնք իր ակադեմական աշխատանքներուն կողքին դարձած են կեանքին ուշադրութեան առանցքը: Ան ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ վարչութեան անունով յաջողութիւն մաղթեց Արմէնեանին` իր արգասաբեր գործունէութեան մէջ:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց վաստակաշատ գրականագէտ Պօղոս Սնապեան, որ շեշտը դրաւ այն հանգամանքին վրայ, որ Յարութիւն Արմէնեանի մօտ գիտական եւ մշակութային-մտաւորական մարզերը զիրար հակասող չեն, այլ զիրար ամբողջացնող: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Արմէնեանի մտաւորական խորունկ պաշարն ու տեսիլքը:
Աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Յարութիւն Արմէնեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ցուցահանդէսի գաղափարի յղացման եւ գործադրութեան սատարած բոլոր անհատներուն: Ան աւելցուց, որ 35 տարիներու աշխատանքի արգասիքն են իր ցուցադրած գեղանկարները, եւ իւրաքանչիւրը ունի իր եզակի պահն ու պատմութիւնը:
Ցուցադրութեան դրուած են տարբեր չափերու 90 ջրաներկեր: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 17 Նոյեմբեր, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30: