
Կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Սանահին մասնաճիւղին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Պոլսահայ Մշակութային Միութեան, Կիրակի« 22 Նոյեմբեր 2009-ին, Քեպէգի Երաժշտական ու թատերական արուեստի ուսումնարանին մէջ« Մոնթրէալ« տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ ի պատիւ դաշնակահար, խմբավար եւ դաստիարակ Րաֆֆի Արմէնեանի՝ որպէս գնահատանք գանատական թէ միջազ•ային մակարդակի վրայ երաժշտութեան զարգացման մէջ իր ունեցած կարեւոր ներդրումին:
Հանդիսութեան ներկայ էին օրուան հովանաւոր՝ Քեպէգի Մշակոյթի եւ Հաղորդակցութեանց նախարարուհի Mme Christine St-Pierre-ի ներկայացուցիչ M. Kevin Cogland, հանդիսութեան նախագահներ Տէր եւ Տիկ. Արտէն եւ Քրիստին Տէրվիշեան, Գերշ. Սուրէն արք. Գաթարոյեան, որ կը ներկայացնէր Գանատայի Հայոց (Կիլիկեան) Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Խաժակ արք. Յակոբեանը, Արժ© Տէր Վազգէն քհ© Պոյաճեան, որ կը ներկայացնէր Գանատահայոց առաջնորդ Գերշ. Բագրատ եպս. Գալստանեանը, Մոնթրէալի Ahuntsic-Cartierville քաղաքաշրջանի խորհուրդի անդամ Յարութիւն Շիթիլեան, Քեպէգի Երաժշտական ու թատերական արուեստի ուսումնարանի ընդհանուր տնօրէն Nicolas Desjardins, ինչպէս նաեւ Րաֆֆի Արմէնեանի բարեկամներ, հարազատներ եւ արուեստասէր հանրութիւն մը:
Օրուան հանդիսավար Տիկ. Քաթիա Սէթեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Րաֆֆի Արմէնեանի արուեստի մարզէն ներս ունեցած արժէքին« այլեւ ներկայացուց Րաֆֆի Արմէնեան անհատի արժանիքները, որոնք կը կայանան իր համեստութեան եւ ընկերային ջերմ վերաբերմունքին մէջ« որոնց շնորհիւ Րաֆֆի Արմէնեան կը վայելէ իր շրջապատի յարգանքն ու համակրանքը:
Ապա պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ օրուան հովանաւոր նախարարուհիին գնահատանքի խօսքը, որմէ ետք խմբավար Րաֆֆի Արմէնեան հանդէս եկաւ տպաւորիչ ելոյթով մը, ղեկավարելով իր աշակերտներէն բաղկացած եօթը հոգինոց նուագախումբ մը: Անոնք ներկայացուցին Igor Stravinski-ի L’Histoire du soldat-էն բաժիններ:
Հանդիսութեան ընթացքին իրենց վկայութիւնները փոխանցեցին հայազգի սոփրանօ Ալին Գութան, The Gazette օրաթերթի խմբա•րական կազմի անդամ եւ դասական երաժշտութեան քննադատ Arthur Kaptainis, Րաֆֆի Արմէնեանի աշակերտներէն եւ իրենց կարգին արդէն անուանի խմբավար եւ ուսուցիչ Veronique Lacroix ու Stephan Laforest, ինչպէս նաեւ Րաֆֆի Արմէնեանի եղբօր դուստրը՝ Անի Արմէնեան: Իրենց վկայութիւնները նամակներով փոխանցեցին նաեւ La Presse օրաթերթի երաժշտական քննադատ Claude Gingras եւ Waterloo-ի (Օնթարիօ) շրջանային քաղաքապետական խորհուրդի ատենապետ Ken Seiling: Բոլորն ալ մեծապէս գնահատեցին Րաֆֆի Արմէնեանի արուեստի մարզին մէջ ներկայացուցած արժէքները եւ ներդրումները« ինչպէս նաեւ դրուատեցին Րաֆֆի Արմէնեան անհատը որպէս ազնիւ, համեստ մարդ« տաղանդաւոր ու բազմավաստակ դաստիարակ, երաժիշտ ու խմբավար:
Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ այս առթիւ պատրաստուած «Երաժիշտի մը ճանապարհը» խորագրով վաւերագրական ժապաւէն մը« ուր ներկայացուեցան Րաֆֆի Արմէնեանի կեանքի կարեւոր հանգրուանները, սկսեալ արուեստասէր ընտանիքի մէջ իր ստացած երաժշտական նախնական կրթութենէն, որուն իբրեւ արդիւնք 15 տարեկանին իսկ Գահիրէի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցած է՝ Մխիթարեան վարդապետներուն քաջալերանքով: Աւելի ուշ Վիեննա մեկնումը, ուր ձեռք պիտի ձգէր երաժշտական մասնագիտական ուսում՝ ականաւոր ուսուցիչներու հսկողութեան տակ եւ 1962 թուականին վկայուէր իբրեւ դաշնակահար: Այսպէս մինչեւ ներկայ օրերը« երբ պիտի ստանձնէր Մոնթրէալի մէջ Քեպէգի երաժշտանոցի տնօրէնի պաշտօնը: Հետաքրքրական ու նշանակալից էին նաեւ ցուցադրուած ժապաւէնին մէջ Րաֆֆի Արմէնեանի տիկնոջ՝ նոյնպէս խմբավար Ակնես Կրոսմանի վկայութիւնները:
Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան նաեւ Վան Արմէնեան (Րաֆֆիի եղբօրորդին« ջութակ), Փաթիլ Հարպոյեան (դաշնակ) եւ Նարեկ Ղազարեան (ասմունք): Անոնք ներկայացուցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն «Կռունկ»ը, Ր© Արմէնեանի մշակումով, Արամ Խաչատուրեանի «Երգ-պոեմ»ը եւ Դանիէլ Վարուժանի «Լոյսը»:
Կազմակերպիչ միութիւններուն կողմէ Րաֆֆի Արմէնեանին յանձնուեցաւ յիշատակի նուէր մը՝ իր իսկ դիմանկարը« պատրաստուած մոնթրէալաբնակ անուանի քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեանի կողմէ:
Ապա Գերշ. Սուրէն արք. Գաթարոյեան ընթերցեց Ն©Ս©Օ©Տ©Տ© Արամ Ա վեհափառի կոնդակը« որով Ան Իր շնորհաւորական ու գնահատական խօսքը կÿուղղէր Րաֆֆի Արմէնեանին, ու անոր կը շնորհէր մշակոյթի մարզէն ներս վաստակ ունեցողներուն յատկացուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս© Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը:
Հուսկ« Րաֆֆի Արմէնեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ միութիւններուն, ինչպէս նաեւ Տէր եւ Տիկ© Տէրվիշեաններուն: Արմէնեան ըսաւ, որ ինք շատ զգացուած է եւ շեշտեց ազգի եւ կրօնքի կարեւորութիւնը իր կեանքին մէջ« հաստատելով , որ հայ ազգը տակաւին կը տառապի եւ այս իրողութիւնը իր վրայ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն:
Հուրի Ոսկերիչեան