
ՓԱՐԻԶ («Նոր Յառաջ»).- Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2015-ին, Իսի-լէ-Մուլինօ արուարձանի Սուրբ Նիքոլա վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, ստորագրելու համար այն պայմանագիրը, որուն համաձայն շրջանի «Թարգմանչաց» վարժարանը կը միանայ «Համազգային»ի վարժարաններու ցանցին։ Այս ուրախ առիթով «Համազգային»ի կեդրոնական վարչութիւնը եւ «Թարգմանչաց» վարժարանի վարչութիւնը միասնաբար հրաւիրած էին շրջանի բոլոր քաղաքներու հայութիւնը ներկայ գտնուելու այդ արարողութեան։ Ներկայ էին «Համազգային»ի կեդրոնական վարչութեան եւ Փարիզի շրջանային վարչութեան անդամներ, Թարգմանչաց դպրոցի տնօրէնութիւնը, վարչութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ բազմաթիւ ծնողներ, համայնքային պատասխանատուներ, որոնց կարգին՝ Իսիի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. Քհնյ. Պալըգեան, Շաւիլի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գուրգէն Վրդ. Աղապապեան, Իսիի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի ներկայացուցիչ եւ փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, Քլամարի քաղաքապետարանի կրթութեան հարցերու կցորդ Ժագլին Մինասեան եւ Շաւիլի քաղաքապետարանէն՝ Արտա Գալայճեան։