
Փարիզի Համազգային Թարգմանչաց վարժարանի խնամակալութիւնը Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հետ խորհրդակցելէ ետք դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնը վստահեցաւ դպրոցի երկարամեայ ուսուցչուհի Տիկին Մարալ Գարաօղլանեանին (ծնեալ՝ Ճամուսեան)։
Տիկին Մարալ Գարաօղլանեան ծնած է Դամասկոս։ Փոքր տարիքին տեղափոխուած է Պէյրութ։ Յաճախած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, որուն ուսումնական ընթացքը աւարտած է 1982ին։ Ապա իր ուսումը շարունակած է Պէյրութի ֆրանսախօս Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ, ստանալով իր մագիստրոսի տիտղոսը կրթական գիտութիւններու ճիւղին մէջ։ Միաժամանակ դասաւանդած է Նշան Փալանճեան Ճեմարանի նախակրթարանի եւ այլ վարժարաններու միջնակարգ բաժիններուն մէջ։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի աւարտին փոխադրուած է Ֆրանսա եւ 1999 թուականէն մինչեւ օրս կը դասաւանդէ Համազգային Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, ստանձնելով յատկապէս հայերէնի ուսուցման պատասխանատուութիւնը։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ուրախութեամբ ընդունեց այս նշանակումը վստահ ըլլալով, որ անիկա պիտի սատարէ վարժարանի յաւելեալ վերելքին։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Տիկին Մ. Գարաօղլանեանին իր ստանձնած նոր պաշտօնի կատարման մէջ։
Համազգայինի
Կեդրոնական Վարչութիւն
20 Մայիս, Պէյրութ