
Պատմելու սովորութիւնը դարերու խորքէն հասած է մեզի. գիր ու գրականութենէն շատ առաջ, բերանացի պատումներու միջոցով բազմաթիւ գիտելիքներ սերունդէ-սերունդ փոխանցուած են, սերունդներ դաստիարակուած են այս ձեւով։ Պատմողները նկատուած են որպէս ուսուցիչ, խորհրդատու, զուարճացնող, դաստիարակ, բարոյական դասեր փոխանցող, ամոքող, յուսադրող։ Մեր իրականութեան մէջ, ցայտուն օրինակը Սասունցի Դաւիթ հերոսավէպն է, որ բանահիւսուած ու բերանացիօրէն փոխանցուածէ ժամանակի ընթացքին, ի վերջոյ գրի առնուելով Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանցի կողմէ, ամփոփուելով չորս առանձին ճիւղերու մէջ՝ Սանասար Պաղտասար, Մեծ Մհեր, Սասունցի Դաւիթ ու Փոքր Մհեր։
Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը, 2017-ին յառաջացուց «Փոքրերու պատմութեան ժամ» ծրագիրը. 18 Դեկտեմբերին, չորրորդ հաւաքն էր, որ տեղի ունեցաւ, առաջինը՝ Համազգայինի նորոգուած ու բարեզարդուած «Յարութիւն Մանուկեան» գրադարանէն ներս։ Պատմողը այս անգամ Տոքթ Անի Հասըրճեանն էր, նիւթը՝ Կաղանդը։ Յայտագիրին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ ձեռային աշխատանք, Գրական յանձնախումբէն՝ Արտա Տէր Յակոբեանի ու Արմինէ Թորիկեանի առաջնորդութեամբ։ Տոքթ. Անի Հասըրճեան, յատուկ, գրաւիչ ոճով պատմեց Ս. Ծննդեան ու Կաղանդի մասին. փոքրիկները հետաքրքութեամբ լսեցին պատմութիւնը եւ մեծ խանդավառութեամբ ամբողջացուցին ձեռային աշխատանքը։
Կասկածէ վեր է, որ թէ՛ պատմողին եւ թէ ունկնդրողին համար, պատմութեան ժամերը օգտաշատ են. ընդհանուր գիծերու մէջ, օրինակ՝ երեւակայութիւն կը զարգացնեն, բարոյական դասեր կը փոխանցեն, ընթերցանութեան առնչութեամբ հետաքրքրութիւն կ՚արթնցնեն, ունկնդրելու, համբերութեան կը վարժեցնեն։ Ասոնցմէ անդին սակայն, Համազգայինի «Փոքրերու պատմութեան ժամ» ծրագիրը կը հետապնդէ երկու գլխաւոր նպատակ.- առաջին՝փոքրերուն առիթ մը եւս ընծայել հայերէն լսելու, հայերէնով արտայայտուելու. երկրորդ՝ ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ զանազան դպրոցներէ (հայ թէ օտար) փոքրիկները մտերմիկ միջավայրի մէջ համախմբել, իրարու ծանօթացնել, ընկերային կապեր ստեղծելու առիթ տալ։
Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներուն առընթեր՝ «Փոքրերու պատմութեան ժամ»ը եւս, ամսական հերթականութեամբ ծրագիր մը դառնալու միտումով է որ ճամբայ ելած է. համեստ քայլ մը եւս՝ Համազգայինի կրթամշակութային ծիրէն ներս։ Կ՚ապաւինինք ծնողներու քաջալերանքին։
Թամար Տօնապետեան