
Ուրբաթ, 15 Փետրուար 2019-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի «Գիրքը՝ մեր ընկերը, պատմութիւնը՝ մեր երեւակայութիւնը» նշանաբանով «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ»-ի ամսական հաւաքը:
«Պատմութեան Ժամ»-ի փոխ-պատասխանատու՝ Մեղրիկ Զէյթունլեան, «Խօսող Ձուկը» ընթերցելով մանուկներ փոխադրեց Յովհաննէս Թումանեանի երեւակայական աշխարհէն ներս, ուր անասունները խօսելով կ՚ արտայայտեն իրենց մտածումները:
Թումանեանի բոլոր հեքիաթներուն ընդմէջէն խորհուրդ մը կայ քաղելիք: Երբ ձկնորսի օգնականը, օր մը ազատ կ՚ արձակէ վարպետին նուիրած գոյնզգոյն խօսող ձուկը, ձկնորսը զինք պաշտօնէն կ՚ արձակէ: Օգնականը զանազան փորձութիւններու կ՚ենթարկուի, սակայն՝ վերջաւորութեան կը վարձատրուի ձուկին հանդէպ ցուցաբերած իր բարեացակամութեան համար:
Պատմութեան աւարտին բոլորը տեղաւորուեցան սեղաններուն շուրջ եւ իրենց ճաշակով ու նախասիրած գոյներով զարդարեցին «Խօսող Ձուկ»-ին պատկերը եւ պզտիկ փայտիկներով կազմեցին ձուկի թուղթէ խամաճիկներ: Ծնողներ, պատրաստուեցէ´ք վայելելու «Խօսող Ձուկ»-ին բեմադրութիւնը ձեր տուներէն ներս:
Զեզի անհամբեր կը սպասենք մեր յաջորդ հանդիպումին՝ Ուրբաթ, 15 Մարտ 2019-ին, «Մուշեղ Իշխան» Գրադարանէն ներս, ժամը 6-էն 7-ը:
Ձեր երեխաներն ու թոռները կրնան ընկերակցիլ մեզի եւ ճոխ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերել, հեռաձայնելով Մեղրիին՝ 514 826-1075, կամ գրելով հետեւեալ ե-հասցէին megho7@hotmail.com: