
Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Գիրքը՝ մեր ընկերը, պատմութիւնը մեր երեւակայութիւնը» նշանաբանով ՝ «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ»-ի 2019-2020 տարեշրջանի անդրանիկ հաւաքը:
Փոքրիկները գորգին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին, ունկնդրելու համար յայտագրի պատասխանատու Փաթիլ Տումանեանի ներկայացուցած Ռոպըրթ Մանչի «Մանիշակագոյն, կանաչ եւ դեղին» պատմութիւնը: Բոլորը մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցան պատմութեան հերոսուհի Սեւանին, որ շարունակ մօրմէն կը պահանջէր, որ իրեն տրամադրէ տեսակաւոր եւ մեծաքանակ ներկեր։ Սակայն երբ իր մօրը խօսքը չյարգեց, ան արկածախնդրութիւններու հանդիպեցաւ:
Պատմութենէն ետք, ներշնչուելով փոքրիկ Սեւանին բազմատեսակ ներկերու գործածութենէն, փոքրիկները իրենց ճաշակի գոյներով, բծախնդրութեամբ դիմակներ ներկեցին, ապա զանոնք տեղադրեցին իրենց դէմքերուն վրայ:
Զեզի անհամբեր կը սպասենք մեր յաջորդ հանդիպումին՝ Ուրբաթ, 29 Նոյեմբեր 2019-ին «Մուշեղ Իշխան» Գրադարանէն ներս, ժամը 6-էն 7-ը:
Ձեր երեխաներն ու թոռները կրնան ընկերակցիլ մեզի եւ ճոխ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերել, հեռաձայնելով Փաթիլին՝ 514 585-7350, կամ գրելով հետեւեալ ե-հասցէին patil.doumanian@gmail.com:
Ռոզմարի Սահակեան
Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղ