
«Գիրքը՝ մեր ընկերը, պատմութիւնը, մեր երեւակայութիւնը» նշանաբանով, Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» գրադարանին մէջ, ամէն ամսուան երրորդ Ուրբաթ օրը ժամը 6:00-էն 7:00-ը, տեղի կ'ունենայ Համազգայինի «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ», յայտագիրը:
20 Յունուար 2017-ին «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ» յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի տաղանդաւոր դերակատարներէն՝ Սեւան Թասլաքեան, որ շատ հմուտ ձեւով պատմեց «Թագաւորին նոր զգեստը» պատմութիւնը, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով աւելի քան 15 երեխաներուն մօտ:
Պատմութեան աւարտին, իբրեւ ձեռային աշխատանք, իւրաքանչիւր փոքրիկ մեծ խանդավառութեամբ պատրաստեց թագաւորին թագին նման թագ մը, գունաւորելով ու զարդարելով զայն պսպղուն քարերով:
Համազգայինի «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ» յայտագրին ներկայ ըլլալով, փոքրիկները կը լսեն մաքուր հայերէն, կը սորվին նոր բառեր եւ հաճելի ժամանակ կ'անցընեն, սովորական օրերէն բոլորովին տարբեր:
Համազգային «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն