
Կիրակի, 6 ապրիլին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, 9 հայկական վարժարաններէ 19 փոքրիկներ համախմբուած էին, իրենց տաղանդները ներկայացնելու. սրահին նոյնիսկ աստիճանները լեցուած էին մեծ թիւով փոքրիկներով եւ պատանիներով:
Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած «Փոքրիկ աստղեր» ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Կիրօ Մարտիրոսեան, որ ըսաւ, թէ խումբ մը մտաւորականներու աշխատանքով 80 տարի առաջ ծնունդ առած էր Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութիւնը՝ պահելու եւ պաշտպանելու համար հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը: Ան նշեց, որ հայապահպանման այդ կառոյցին հիմնադիրները արդէն մտահոգ էին ապագային հայ մշակոյթին եւ արժէքներուն պահպանման դէմ ծառանալիք փոթորիկներէն, որոնք կրնան հարուած հասցնել նոյնինքն հայուն ձեռքով, երբ ան օտար լեզուն ու մշակոյթը կը նախընտրէ:
Կ. Մարտիրոսեան հաստատեց, որ աղբալեաններ, շանթեր եւ վրացեաններ մեկնեցան, սակայն իրենց ետին ձգեցին այնպիսի սերունդներ, որոնք հաւատարիմ մնացին իրենց կտակին ու աւանդին՝ բարձր պահելով հայ մշակոյթն ու մշակութային արժէքները: Ան աւելցուց, որ այս ծիրին մէջ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը 5-րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպէ «Փոքրիկ աստղեր» յայտագիրը, որ կը համախմբէ հայ աշակերտները հայ երգին ու մշակոյթին շուրջ:
Օրուան հանդիսավարն էր դերասան Փիեռ Շեմմեսեան, իսկ յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ մանկական երգերու մեկնաբան Մակին: Փոքրիկներուն կը նուագակցէր Րաֆֆի Տօներեան:
Հայ նորափթիթ աշակերտները իրենց հայկական հարազատ երգերով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ, անոնք հայկական շունչ ու ոգի փոխանցեցին փոքրիկներուն եւ պատանիներուն, որոնք ծափողջոյններով գնահատեցին իրենց քոյր-եղբայրները: