
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի,Ուրբաթ, 19 Յունիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քանդակագործ Աշոտ Թազեանի ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ արուեստասէրներու եւ համազգայնականներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ քանդակագործութիւնը հայ ժողովուրդի մշակութային հարստութեան հիմնական մէկ օղակն է, եւ արուեստի այս ճիւղին քաջալեր հանդիսանալու ու ժառանգորդներ ապահովելու հիմնական երաշխիքներէն մէկը քանդակներու ցուցադրութիւնն է:
Ան աւելցուց, որ լիբանանահայ քանդակագործ Աշոտ Թազեանի ստեղծագործութիւնները յատկանշուած են բնութենական նախադրեալներով, մտածողութիւններ ու պատգամներ փոխանցող կերպարներով, ինչպէս նաեւ մարդկային ու ազգային զգացումներու ջերմ արտայայտութիւններով:
Ապա խօսք առաւ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ սիրայօժար կերպով ստանձնած էր այս ձեռնարկին կազմակերպումը: Ան նշեց, որ տարիներէ ի վեր կը հետեւի Աշոտ Թազեանի աշխատանքներուն, եւ ամէն օր քիչ մը աւելի կը հիանայ իր կորովին, յարատեւութեան ու երեւակայութեան: Ան հաստատեց, թէ Թազեան ժողովրդական արուեստագէտի տիպարն է, որ ծնած է ժողովուրդին ծոցէն, կþապրի ժողովուրդին հետ, եւ կը ստեղծագործէ անոր համար:
Ցուցահանդէսին Թազեան ցուցադրած է իր 123 ստեղծագործութիւնները, որոնք կը կրեն տարբեր թեմաներ, ինչպէս՝ «Կոմիտաս վարդապետ»ը, «Խաչելութիւն»ը, «Լիզպոնի նահատակներ»ը, «Խաչատուր Աբովեան»ը, «Ցեղասպանութիւն»ը, «Պայքարող կին»ը, «Պատժուած կին»ը, «Իմաստուն»ը, «Բաբելոնի թագաւոր»ը, «Եղիշէ Չարենց»ը, «Նիկոլ Աղբալեան»ը, «Մարիամ Աստուածածին»ը եւ այլն: Աշոտ Թազեանի քանդակներէն իւրաքանչիւրը ունի յատուկ երանգ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը յատուկ տիպար մը կամ նիւթ մը կրելու կողքին, նաեւ ունի գեղարուեստական յատուկ ձեւաւորում, գործածուած նիւթեղէններու պատշաճեցումներ ու այլազանութիւն:
Քաղուած՝ Ազդակ Օրաթերթէն