
Աւստրալահայ գաղութի ակնառու ազգային դէմքերէն Գեղամ Սարգիսեանի քառասնօրեայ հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ Կիրակի 7 Նոյեմբերին Սիտնիի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Հոգեհանգիստէն ետք հանգուցեալի հարազատները, գաղափարի ընկերները եւ բարեկամները փոխադրուեցան Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանի Նալպանտեան սրահը, ուր ներկաներուն հոգեճաշ մատուցուեցաւ ու հանգուցեալի արժանիքներուն ու յիշատակին նուիրուած հնչեցին շարք մը խօսքեր:
Հնչուող խօսքերու ընթացքին սրահի պաստառին վրայ մերթ ընդ մերթ կը ցուցադրուէին հանգուցեալ ընկերոջ ճեմարանէն ներս ունեցած գործունէութիւններուն ու հանդիպումներուն շուրջ լուսանկարներ, որոնք յիշարժան մթնոլորտ ստեղծեցին ներկաներուն մօտ:
Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանի տնօրէն Քայլար Միքայէլեանը անդրադարձաւ ընկերոջ ճեմարանէն ներս ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, պատրաստակամ ոգիին ու նուիրումին, որ կը մղէր իրեն կատարելու ճեմարանին համար ամենահամեստ ու պարզ գործերէն մինչեւ ամենազգայուն ու ճակատագրական աշխատանքները: Ան իր խօսքը եզրափակեց յիշելով ճեմարանի հիմնադիր ազգային բարերար հանգուցեալ Արշակ Գօլստընի այն խօսքը, որ «Դուք զիս իբրեւ բարերար կը փորձէք պատուել, բայց այս հաստատութիւնը ունի շատ մեծ բարերար մը եւս, որ Գեղամ Սարգիսեանն է, որ իր համեստ կարողութեամբ ու ճակտի քրտինքով տուած է շատ աւելին այս ճեմարանին»:
Ճեմարանի շրջանաւարտներու անունով ելոյթ ունեցաւ Դանիա Սարաֆեանը, որ կատակախառն ոճով վերյիշեց հաճելի դրուագներ Գեղամ Սարգիսեանի եւ աշակերտներու միջեւ պատահած դէպքերէն, երբ ան տքնաջան աշխատանքի լծուած էր կառուցելու ճեմարանի երկրորդականի շէնքերը:
Ասատուր Շուկայեան ընթերցեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքն ու յայտնի գրագէտ, հրապարակագիր ու մտաւորական Պօղոս Սնապեանի խօսքը այս առթիւ, որոնք ղրկուած էին Լիբանանէն:
Հանգուցեալի մօտիկ ընկերներէն Վազգէն Փայլակեան անդրադարձաւ Գեղամ Սարգիսեանի իբրեւ ղեկավար շնորհներուն եւ ունեցած այն կարեւոր դերակատարութեան, որ ամէնօրեայ վարժարան ունենալու գաղափարով վարակեց շատերը մինչեւ որ կարելի եղաւ ամէնօրեայ վարժարան ստեղծելու որոշումը առնուի: Ան եզրափակեց իր խօսքը կարեւոր հետեւեալ յայտարարութեամբ.- եթէ չըլլար Գեղամը, գոյութիւն չէր ունենար այս վարժարանը:
Գաղութս հիւրաբար գտնուող, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ներկայացուց իր սրտի խօսքը, յայտնելով թէ իր Աւստրալիա գալու հրաւէրը ընդունելու պատճառներէն մէկն ալ Գեղամին հանդիպիլն էր, որովհետեւ լսած էր որ հիւանդ էր, բայց աւաղ որ չիրականացաւ, սակայն ինքզինք բախտաւոր կը զգայ որ ներկայ է անոր քառասնօրեայ հոգեհանգիստին: Ան յայտնեց թէ ծանօթացած էը Գեղամին Հ.Յ.Դ. 22-րդ ընդհանուր ժողովին Փարիզի մէջ եւ հաստատեց թէ ընկերը քիչ խօսող, բայց որոշումներու առաջնորդող միտքեր արտայայտելու կարողութիւնը ունեցող ընկեր էր: Ան անդրադարձաւ որ Գեղամի նման նուիրեալ ընկերներ քիչ կը յայտնուին մեր կեանքին մէջ եւ անոնց կատարած գործերը շարունակելը պէտք է դարձնենք մեր առաջադրանքը, որպէսզի արժեւորուի անոնց յիշատակը:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հերոս Գրիգորեանը իր խօսքով վեր առաւ ընկերոջ արժանիքներն ու նուիրումը, յիշելով թէ վարժարանի չափազանց ճգնաժամային մէկ օրերուն Գեղամը այլ ընկերոջ մը հետ աւելի քան մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը ապահովեց վարժարանին եւ այդ առաքելութիւնը յաջողցնելու համար, հակառակ որ որոշած էր այլեւս չճամբորդել, գործուղուեցաւ արտասահման ու ապահովեց յիշեալ խոստումին գործադրութիւնը: Ընկերը իր խօսքը եզրափակեց յայտարարելով, թէ Գեղամի անսակարկ նուիրումի, զոհաբերութեան ու համեստ բայց տքնաջան վաստակին համար Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ ճեմարանի խնամակալութեան որոշումով ճեմարանի երկրորդականի դասարաններէն մին, այս օրուընէ սկսեալ կ՚անուանակոչուի Գեղամ Սարգիսեանի անունով:
Վերջին խօսքը տրուեցաւ հանգուցեալի հարազատներուն, որոնց անունով ելոյթ ունեցաւ Յովհաննէս Մարտոյեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, որ իրենց ներկայութեամբ մեծարեցին իրենց հարազատին յիշատակը, ինչպէս նաեւ անոր գաղափարական ընկերներուն պատասխանատու մարմիններուն, որոնք արժանի գնահատանքը շնորհեցին իրեն: Ան յայտնեց թէ այս ժողովրդային յարգանքը արդէն ցոյց կու տայ, թէ ան ժողովրդային դէմք էր եւ որքան որ կը պատկանէր մեզի, նոյնքան ալ կը պատկանէր իր պաշտած կազմակերպութեան ու ժողովուրդին:
Յ. Մարտոյեան իր խօսքի աւարտին կատարեց զգայացունց ու յուզումնալից յայտարարութիւն մը թէ հանգուցեալ ընկերոջ ունեցած միակ հարստութիւնը իր գիրքերն ու իր համեստ օրապահիկէն մնացած գումարը՝ $3000 հանգուցեալ ընկերոջ փափաքով կը նուիրուի համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանին:
Զգացուած էին բոլորը, որովհետեւ Գեղամը իր մահէն ետք իսկ իր կեցուածքով իր կամքը կը պարտադրէր ու բարոյական մեծ դաս մը կը փոխանցէր մեզի:
Այս էր Գեղամեան աշխատելակերպը հեռու լուսարձակներէ ու ցուցամոլութենէ:
Այնուհետեւ ներկաները հաւաքուեցան ընկերոջ անունը կրող դասարանին առջեւ, ուր ընկերոջ հարազատները վար առին ցուցատախտակը պարուրող քօղը ու արժանաւորապէս բացումը կատարեցին ճեմարանի Գեղամ Սարգիսեան դասարանին:
Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ սիրելի՛ ընկեր եւ տայ Աստուած որ կարողանանք իրականացնել այն մեծ երազները, որոնց համար պայքարեցար բովանդակ կեանքիդ ընթացքին: