
Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ պարի միաւորի կազմակերպութեամբ Շաբաթ 10 Մայիսի գիշերը, Գոքինիոյ «Զաւարեան» ակումբի ծայրէ-ծայր լեցուն ընդարձակ մարզադաշտին մէջ, տեղի ունեցաւ «Նայիրի» «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերու տարեկան ելոյթը, ղեկավարութեամբ երկարամեայ եւ վաստակաւոր պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեանի:
Երեկոյին ներկայ եղան Յունաստանի խորհրդարանի փոխ նախագահ Անասթասիոս Ներանծիս, Ռենտիի քաղաքապետ Սթելիոս Պենեթաթոս, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Վահրամ Կաժոյեան, ՀՀ ռազմական կցորդ փոխ գնդապետ Սամուէլ Ռամազեանն ու խորհրդական Սերոբ Բեջանեանը իրենց տիկիններով եւ դեսպանութեան անձնակազմով:
Ներկայ եղան նաեւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն, Հ. Կ. Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնները, կրօնական դասը, գաղութային բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ սրահը ծայրէ-ծայր լեցուցած խանդավառ մեծ թէ փոքր մեր հայրենակիցները, որոնք մեծապէս գնահատեցին պարախումբերու ելոյթները, ծափահարելով երիտասարդ պարողներու ներկայութիւնը:
Բացումը կատարեց ընկ. Սիլվիա Պատէլեան, որ հայերէն եւ յունարէն արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց թէ Համազգայինը հաւատարիմ կանգնած է երիտասարդ սերունդին մէջ հայկական մշակոյթը զարգացնելու իր առաքելութեան վրայ: Այս տարի դարձեալ Համազգայինը նախաձեռնակ հանդիսացած է Եւրատեսիլի երաժշտական մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչ Սիրուշոյի Յունաստան ներկայացման գծով, որ ամիսներէ ի վեր ծրագրուած հետեւողական ջանքերու շնորհիւ, ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի պարախումբերու ելոյթին օրը, յունահայութեան ներկայացնելու համար «Քելէ-քելէ» երգը: Իրեն կÿընկերանայ պատուիրակութիւն, որուն մաս կը կազմէ բեմադրիչ Հրաչ Քեշիշեանը: Արդէն երրորդ տարին է որ Համազգայինը իր բոլոր ուժերով փորձած է սատար հանդիսանալ Հայաստանի ներկայացուցիչին, ծանօթացնելով զինք հելլէն հասա