
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Ուրբաթ, 24 Մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Արիաներ եւ ռոմանսներ» խորագիրը կրող համերգ մը` կատարողութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգչուհի Քրիստինէ Սահակեանի (Մեցցօ-սոփրանօ), դաշնակի ընկերակցութեամբ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վարդան Ազնաւուրեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Համազգայինի 2016-2017 տարեշրջանի համերգային ծրագիրներու կողքին Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան մէկ գեղեցիկ դրսեւորումն է այս համերգը, որ եզակի առիթ պիտի ընծայէ հաղորդուելու բարձրորակ արուեստին հետ: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին, երգչուհին հիւրընկալող տէր եւ տիկին Նուրիճան Տէմիրճեանին եւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լրատուութեան բաժանմունքին: