
Իր ֆիլմացանկի այլազանութեամբ՝ Նուռ Ֆիլմի Փառատօնը երրրոդ տարին ըլլալով թատերաբեմ հանդիսացաւ աշխարհասփիւռ հայ ֆիլմարուեստի տաղանդին:
Արդարեւ չորս օրերու ընթացքին Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի Համազգայինի թատերասրահը հանդիպման վայրն էր ամերիկահայ« գանատահայ« եւրոպահայ« հայաստանցի եւ նոյնիսկ թուրք բեմադրիչներու« դերասաններու եւ արտադրիչներու« որոնք Թորոնթօ ժամանած էին իրենց ֆիլմերով մասնակցելու փառատօնին:
«Ֆիլմերու ցանկը բազմաբնոյթ էր եւ մակարդակը՝ գերազանց« որուն պատճառով դատական կազմը ստիպուեցաւ բաժնել բազմաթիւ մրցանակներ եւ գնահատանքի արժեւորումներ»« յայտնեց դատական կազմի անդամ՝ Սիլվա Պասմաճեան:
Ֆիլմերու Երանգապանակ
Նուռ Ֆիլմի Փառատօնը այժմ կը նկատուի աշխարհի մեծագոյնը իր տեսակին մէջ« ուր կը ցուցադրուին առանձնաբար հայկական թեմայով« հայոց մասին եւ հայ բեմադրութեամբ կամ արտադրութեամբ ֆիլմեր: Այս տարի ֆիլմացանկը կու գար տասը երկիրներէ եւ կþընդգրկէր 30 կարճ« երկար եւ վաւերագրական ֆիլմեր:
Վաւերագրական ֆիլմերէն բացառիկ էր բրիտանահայ գրող Նուրիձա Մաթոսեանի Hrant Dink: Heart of Two Nations« որ շահեցաւ «Հանդիսատեսի Նախընտրութիւն» մրցանակը: Մաթոսեան անդրադառնալով «Ակօս» թերթի խմբագիր՝ Հրանդ Տինքի կեանքին սպառնացող վտանգին, հարցումներու ընդմէջէն կը ջանայ պեղել անոր էութիւնը: Ի յայտ կու գայ նահատակ խմբագիրին անհատականութեան ուժը, հոգիին, գրչին ծալքերը եւ ազդեցութեան տարողութիւնը:
Յիշատակելի վաւերագրական ֆիլմ էր նաեւ The Blue Book, որ պատմաբան՝ Արա Սարաֆեանի Պոլիս այցելութեան եւ Թուրքիոյ մերժումի քաղաքականութեան մարտահրաւէր կարդալու վաւերագրական ներկայացումն էր:
Վաւերագրական ֆիլմերուն մէջ աչքառու էին ֆրանսահայ դերասան՝ Սերժ Աւետիքեանի (We Drank The Same Water) եւ հայազգի Ալեքս Փելթէքեանի (Story of My Name) արմատներու փնտռտուքի պատմութիւնը:
Այս տարի Փառատօնին նորութիւններէն էր թուրք բեմադրիչ՝ Մեհմէտ Պինէյի ներկայութիւնը« որ իր Whispering Memories վաւերագրական ֆիլմով կը ներկայացնէր Թուրքիոյ Կեպէն գիւղը« որուն բնակիչները իսլամացած եւ իրենց ինքնութիւնը կորսնցուցած հայեր են:
Երկու այլ վաւերագրականներ՝ Mardik: From Baghdad to Hollywood եւ The People’s Advocate: The Life and Times of Charles R. Garry վեր առին ամերիկեան կեանքին մէջ երկու հայազգիներու ունեցած կարեւոր դերն ու իրագործումը: Առաջինը պաղտատցի Մարտիկ Մարթին« որ Հոլիուտի մէջ գործակցած է մեծ անուններու հետ եւ դարձած է Հոլիուտի մեծագոյն ֆիլմերուն (Raging Bull, New York, New York) բեմագրողը: Միւսը՝ Չարլզ Կերի (Կարապետ Կարապետեան)« որ ամերիկայի 20-րդ դարու մեծագոյն փաստաբաններէն եղած է:
Երկար ֆիլմերու մէջ երեւան եկան ամերիկահայ նոր երիտասարդ տաղանդներ՝ Հրաչ Թիթիզեան (Float) եւ Էրիք Նազարեան (The Blue Hour)« որոնք իրենց երեխայրիքներով ֆիլմաշխարհ մուտք կը գործեն անոր մեծ դռնէն: Դատական կազմի անդամ բեմադրիչ Ռաճըր Քիւփէլեանի կարծիքով այս երկու խոստմնալից անունները յաջորդող տարիներուն պիտի փայլին ֆիլմարուեստի աշխարհին մէջ իրենց նոր իրագործումներով:
Երկար ֆիլմերու ցանկին մէջ հետաքրքրական էին Նիկոլ Պալիվեանի Driving to Zigzigland-ը« որ արժանացաւ դատական կազմի մէկ մրցանակին եւ ֆրանսահայ բեմադրիչ՝ Ռոպէր Քէշիշեանի Burning Rome-ը« որ ստացաւ լաւագոյն ֆիլմի մրցանակը: Պալիվեան կը ջանայ զաւեշտով նկարագրել 9/11-էն ետք ամերիկայի մէջ ծագումով արաբ ամերիկացիներուն ճգնաժամը« իսկ Քէշիշեան նկարահանման եւ ֆիլմարուեստի հրաշալի թեքնիքներով կը ներկայացնէր Հռոմի մէջ ստրուկներու կեանքը եւ ազատութեան ձեռքբերումը:
«Գեղեցկօրէն պատրաստուած եւ վարպետօրէն կառուցուած ֆիլմը կը մէկտեղէ նաեւ տարբեր թեքնիքներ եւ կը յաջողի զարմանալիօրէն»« ըսաւ դատական կազմի անդամ Քիւփէլեան:
Կարճ վաւերագրականներէն եւ ֆիլմերէն աչքառու էր Trees For Life-ը, որ կը ցոլացնէ Armenia Tree Project կազմակերպութեան ծառատնկումի հսկայ ծրագիրը հայաստանցի ընտանիքի մը կեանքին ընդմէջէն:
Նոյնպէս բեմադրիչ Վրեժ Քասունիի May Be Love, May Be Not, ֆրանսահայ բեմդադրիչ Կիլպէրթ Քարսոյի Executive Committee-ին եւ Հայաստանցի բեմադրիչ՝ Դաւիթ Մաթեւոսեանի The Enemies կարճ ֆիլմերը արժանի էին ուշադրութեան:
Մրցանակներ
Ֆիլմերու երկար ցանկէն հանդիսատեսները ամէնէն աւելի սիրեցին Hrant Dink-ը« ապա՝ People’s Advocate եւ We Drank the Same Water:
Իսկ դատական կազմը առատօրէն բաժնեց իր պարգեւները տրուած ըլլալով ֆիլմերուն պատրաստման բարձր մակարդակն ու կարեւորութիւնը:
Այսպիսով« լաւագոյն երկար ֆիլմի մրցանակը ստացաւ Քէշիշեանի Burning Rome-ը« իսկ լաւագոյն կարճ ֆիլմի պարգեւը գնաց Second Wind-Ին: Իսկ Տորոթի Ֆորմայի Story of My Name-ը ստացաւ լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմի մրցանակը:
Դատական Կազմի Մրցանակներ
Լաւագոյն Կարճ Վաւերագրականը
-Trees for Life
Լաւագոյն Կարճ Ֆիլմը
-Second Wind
-Դատական Կազմի մրցանակ՝ The Enemies եւ Romans
Լաւագոյն Վաւերագրական Ֆիլմը
-Story of my Name
-Դատական Կազմի մրցանակ՝ Whispering Memories եւ We Drank the Same Water
-Յիշատակելի 2 կենսագրական-վաւերագրականներ՝ Mardik Martin: From Baghdad to Hollywood եւ The People’s Advocate: The Life and Times of Charles R. Garry
Լաւագոյն Ֆիլմը
-Burning Rome
-Պատուոյ Յիշատակութիւն՝ Float եւ The Blue Hour
-Դատական Կազմի մրցանակ` Zigzigland
Բեմադրիչները, Դերասանները Կը Խօսին
«Շատ ազդուած էի Կեպէն գիւղով՝ անոր պատմութեամբ եւ իւրայատկութեամբ: Բնակիչները ուշադրութիւնս գրաւեցին« որովհետեւ ազատօրէն կþարտայայտուէին իրենք իրենց մասին© հեռու էին պետական եւ մաս մետիայի ազդեցութենէն:
Ֆիլմը դիտող թուրքերուն հակազդեցութենէն կը հասկնայի« թէ անոնք տեղեակ չէին« որ նման բնակչութիւն {իսլամացած հայեր} գոյութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ»:
Բեմադրիչ Մեհմէտ Պինէյ
Whispering Memories
«Ուզեցի ներկայացնել Վարդանանցը« որովհետեւ անիկա ցոյց կու տայ մեր զոհաբերութեան տարողութիւնը: Մեր ինքնութիւնը կþամրանայ« երբ անոր համար կը պայքարինք« երբ կþըսենք մենք աւելի մեծ ենք քան մեզի պարտադրուածը:
Այս ֆիլմով կþուզեմ աշխարհի փոխանցել հետեւեալ պատգամը© կþարժէ պայքարիլ ինքնութեանդ համար»:
Բեմադրիչ Ռոճըր Քիւփելեան
East of Byzantium
«Ինծի համար անհասկնալի կը մնար թրքահայոց անել կացութիւնը: Ի՞նչպէս կþապրին առիւծին երախին մէջ: Կ°ուզէի հասկնալ Հրանդը« ի՞նչպէս հայ մը կրնայ օրաթերթ հրատարակել Պոլսոյ մէջ եւ այնքան ազատօրէն: Իբրեւ կենսագրագիր ուզեցի երեւան հանել ինչպիսի հանելուկներ ունի իր անձը: Ան ինքնիրեն մասին չէր մտածեր« այլ՝ այն հաւաքականութեան« որուն հետ նոյնացած էր իր անձը:
Ան իր մահով թափ տուաւ եւ հայ եւ թուրք հաւաքականութեանց մէջ մտքերու բարեփոխման»:
Նուրիձա Մաթոսեան
Hrant Dink: Heart of Two Nations
«Պէտք է գրես այնպէս, որ մարդիկ կարենան նոյնանալ անոր հետ: Գրողը պէտք է ըլլայ լաւ դիտող եւ լսող« որպէսզի կարենայ յաջող պատմութիւն մը գրել:»
Մարտիկ Մարթին
Mardik, Raging Bull-ի Բեմադրող
Կ.Սաղտըճեան