Սուգի մէջ է Աւստրալահայ գաղութը, իր բոլոր ազգային կառոյցներով: Ոչ եւս է գաղութի ազգային բարերար Պրն. Արշակ Գոլըստընը, որ իր աչքերը փակեց Շաբաթ 9 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 2.00-ին:
Ողբացեալ ազգային բարերար Պրն. Արշակ Գոըլստընի թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 13, Օգոստոսին, Սիտնիի Ս. Յարութիւն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ քաղաքական դէմքերու, ազգային ու եկեղեցական մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ բազմութեամբ հաւաքուած հայորդիներու, որոնք եկած էին յարգանքի վերջին տուրքը տալու հայ ժողովուրդի արժանի այս զաւակին, որուն կատարած գործերը պիտի շարունակեն ապագային դրական ուղղութեամբ առաջնորդելու գաղութի կեանքը:
Թաղման արարողութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Տ. Աղան Արք. Պալիօզեան, ողբացեալի կեանքի գիծերը ներկայացնելով արժեւորեց անոր մեծութիւնը, ապա ընթերցեց ցաւակցական գիրերը: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Սրբազան հայրը իր խօսքը բացաւ ու փակեց հետեւեալ խօսքով.- Ինկաւ այն մեծ կաղնին, որուն շուրջ բոլորուած էինք:
Եկեղեցւոյ մէջ թաղման արարողութենէն ետք, հանգուցեալի դագաղը դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն, ազգային կեանքէն ներս իր հետ գործակցած ազգայիններու եւ իր ընտանիքի հարազատներուն կողմէ եւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խօսուեցան դամբանականներ:
Նախ կարդացուեցաւ նահանգապետ Պրն. Մորիս Իէմայի խօսքը, որմէ ետք Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գոլըստըն Ճեմարանի տնօրէն Պրն. Քայլար Միքայէլեանը դամբանական խօսեցաւ հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներով, ՀԱՍԳ Ճեմարանի անունով եւ իր խօսքը փակեց Ճեմարանի շրջափակին մէջ ողբացեալի կիսանդրին տակը արձանագրուած հետեւեալ խօսքով.- «Օրհնեալ ըլլայ երկինքը, որ երկրին տուաւ քեզ նման զաւակ»:
Իրենց խօսքերը արտասանեցին նաեւ ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնները, միաժամանակ ընթերցելով նաեւ իրենց Կեդրոնական Վարչութիւններէն ստացուած ցաւակցական գիրերը:
ՀԱՍԳ Ճեմարանի շրջանաւարտներուն անունով խօսք արտասանեց Օրդ. Մելանի Խաչատուրեանը, իսկ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անունով դամբանական կարդաց ընկ. . Յակոբ Մկրտիչեանը, միաժամանակ ընթերցելով նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ցաւակցական գիրը: Ընկ. . Յ. Մկրտիչեան իր խօսքը աւարտեց Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութեան տողերով:
Դամբանականներու աւարտէն ետք հանգուցեալին դագաղը փողոցին երկու կողմերը շարուած ՀԱՍԳ ճեմարանի աշակերտութեան ընդմէջէն անցնելով տարուեցաւ մեռելակառքը եւ թաղման ամբողջ թափօրը սկսաւ ուղղուիլ Լէյն- քով շրջանի Գերեզմանատան հայկական բաժինը:
Յուզումնալի էր այն պահը, երբ ազնուազարմ հայորդիին դագաղը ՀԱՍԳ Ճեմարանի աշակերտութեան կողմէ տարուեցաւ իր վերջին հանգստավայրը, որուն թաղման կարգի աւարտին նորոգ հանգուցեալ այս մեծ հայուն գերեզմանը ծածկուեցաւ ՀԱՍԳ ճեմարանի աշակերտութեան կողմէ զետեղուած ծաղիկներով:
Յետ թաղման արարողութեան ՀԱՍԳ Ճեմարանի «Նալպանտեան» սրահին մէջ, հանգուցեալի հոգւոյն մատուցուեցաւ հոգեսուրճ, որուն ընթացքին ՀԱՍԳ Ճեմարանի աշակերտութեան կողմէ խօսքեր ընթերցեցին Սասուն Սիմոնեանը հայերէնով եւ Նաթալի Աղաջանեանը Անգլերէնով:
Սիտնիի Աւստրալահայ ընկերակցութեան կողմէ իր սրտի խօսքը ներկայացուց Պրն. Լեւոն Շէօհմէլեանը, իսկ ՀԱՍԳ Ճեմարանի խնամակալութեան սրտի խօսքը ներկայացուց, խնամակալութեան ատենապետ, ընկ. Արա Վարդուկեանը:
Ողբացեալ Արշակ Գոլըստընի երկար տարիներու գործընկեր եւ ՀԱՍԳ Ճեմարանի բարերար եւ նախկին խնամակալ ընկ. Վազգէն Փայլակեանը կատարեց իր սրտի խօսքը, մտերմիկ յուշեր ներկայացնելով ողբացեալի կեանքէն, իսկ Գոլըստըն ընտանիքի անունով ողբացեալի եղբօր թոռնուհին Տիկ. Ալենուշ Եսայեանը կատարեց ընտանիքի ու հարազատներու խօսքը:
Աւարտին ՀԱՍԳ Ճեմարանի Տնօրէն, Պրն. Քայլար Միքայէլեան ընթերցեց անունները այն բոլոր ցաւակցական գիրեր ղրկող անձնաւորութիւններուն եւ յատկապէս ընթերցեց անոնցմէ երեքին բովանդակութիւնը, որոնք ղրկուած էին Հնդկաստանի Մարդասիրական ճեմարանէն, Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք, Խաչերեանէն եւ ՀԱՍԳ Ճեմարանի նախկին տնօրէնուհի Տոքթ. Արսինէ Օշականէն:
Այսպէս ազգային թաղումով աւստրալահայութինը իր վերջին հրաժեշտը տուաւ հայ ժողովուրդի արժանի զաւակ, Ազգային Բարերար Պրն. Արշակ Գոլըստընին, որուն անունը յաւերժօրէն պիտի ճառագայթէ այս հեռաւոր ափերուն, որովհետեւ իր կենդանութեան օրերուն լաւապէս գիտցաւ անմահ գործ կատարելու եւ ազգի զաւակները ազգին շուրջ համախմբելու գաղտնիքը: