Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, ընթացիկ տարուան Փետրուար ամսուն, Լոս Անճելըս ժամանեց Համազգայինի Հայաստանի «Սօս Սարգսեան» պետական թատերախումբը եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ներկայացուց «Ամենալաւ Տունը» անունով թատերախաղը: Այս առթիւ, Շրջ. վարչութեան թատերական յանձնախումբը կազմակերպեց Գ.-Ը. կարգերու շարադրական մրցանք մը, Լոս Անճելըսի հայկական բոլոր վարժարաններուն համար: Մրցանքին մասնակցեցան «Ֆերահեան», «Փիլիպոս», «Յովսէփեան», «Շամլեան», «Ա. Կ. Մինասեան» եւ «Մեսրոպեան» վարժարաններէն 100 աշակերտներ։
Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2015-ին, Համազգայինի Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ էին մրցանքին մասնակից աշակերտները՝ իրենց ծնողներուն, մեծ հայր-մեծ մայրերուն եւ հայերէնի ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ:
Մրցանակաբաշխութեան բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի Շրջ. վարչութեան թատերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նարկիզ Թէրզեան-Մուրիեան, որ անդրադարձաւ թատրոնի կարեւորութեան եւ անոր ունեցած դերին՝ հայ մանուկին ու պատանիին հոգեմտաւոր աշխարհի կազմաւորման մէջ. ան նշեց, թէ աշակերտները մայրենի լեզուով ներկայացում մը ըմբոշխնած էին եւ իրենց գրութիւններուն ընդմէջէն կը ցոլար իրենց ապրած ոգեւորութիւնն ու գեղեցիկ տպաւորութիւնները, մանաւանդ որ շատերուն համար հայերէն թատրոն դիտելու առաջին կամ թերեւս երկրորդ փորձառութիւնն էր ասիկա:
Բացման խօսքէն ետք, Նարկիզ Թէրզեան մեծ պաստառի վրայ ներկայացուց հայրենի թատերախումբի լուսանկարներէն շարք մը, որ կ՛ամփոփէր «Ամենալաւ Տունը» թատերախաղէն պատկերներ, հայրենի դերասաններուն հետ հայկական վարժարաններու աշակերտներու խմբանկարներ, որոնք թարմացուցին ամիսներ առաջ Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուած թատերական խանդավառ մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ՝ աշակերտներուն ապրած յիշատակները: Ներկաները յատուկ ուշադրութեամբ վերապրեցան այդ գողտրիկ պահերը՝ կապուած այս կամ այն դերասանի հմուտ եւ ծիծաղաշարժ խաղարկութեան հետ: