Այսօր` Շաբաթ, 11 Յուլիս 2015-ին Երեւանի մէջ պիտի սկսի Համազգայինի 21-րդ ուսանողական հաւաքը (ֆորում), որ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներուն համար ըլլալ համախմբման իւրայատուկ առիթ, կամրջում ստեղծել անոնց միջեւ, ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնել: Այս հաւաքը նաեւ առիթ կ՛ըլլայ միտքերու փոխանակումներու, քննարկումներու, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերու մտայնութեան եւ իրականութեան ծանօթանալու:
Այս տարի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կան 37 մասնակիցներ, որոնք կու գան գրեթէ բոլոր գաղութներէն` Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան ափերէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Արցախէն, Հայաստանէն, Թիֆլիսէն եւ Ջաւախքէն: Գոյութիւն ունի պատասխանատու կազմ` Լիբանանէն, Քանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: