Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը հայրենիք-սփիւռք մշակութային կապի ամրապնդման ծրագրով 15-16-18 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոներուն կազմակերպած էր «Զուարթնոց» երգչախումբի եւ «Հայկազունք» համոյթի համատեղ ելոյթները։
Առաջին հերթին Մարալ Մելքոնեան-Հրեշտակեան ներկայացուց արաբերէն լեզուով բացման խօսքը, անդրադառնալով մշակոյթի կարեւորութեան եւ անոր պահպանման, ապա հայերէն լեզուով խօսք առաւ «Զուարթնոց» երգչախմբային միաւորի վարչութեան ատենապետ՝ Կարպիս Դերձակեան, որ հակիրճ ձեւով յիշեց երգչախումբի կողմէ տարուած ծաւալուն աշխատանքը, բարձրորակ ելոյթները, ղեկավարութեամբ տաղանդաւոր եւ ընդհանրապէս հայրենի արուեստագէտ-երաժիշտներու կողմէ։
Բծախնդիր մօտեցումով յարդարուած բեմին վրայ երեւցաւ 51 հոգիներէ բաղկացած երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ հայրենիքէն հրաւիրուած Դոցենտ Դաւիթ Պօղոսեանի, որ կրցած էր կարճ ժամանակի մէջ ներկայացուած 20 երգերը քառաձայնի վերածել։
Համոյթի առաջին երգն էր Գուսան Հայկազունի «Կարօտի Խօսքը», որուն հեղինակը, իսկական անունով Գագիկ Ստեփանի Հայկազուն, ծնած է 1951 թուականին Խոյեցի ընտանիքի մէջ. Արարատի շուքին տակ «հայոց Կարթաշէնի մէջ» անցեալին կոչուած Արտաշատ։ Գուսան Հայկազունը հեղինակած է շուրջ 100 երգեր, որոնց դաշնաւորման եւ տարածման համար յառաջացուցած է «Հայկազունք» համոյթը։
«Զուարթնոց-Հայկազունք» համատեղ ելոյթով պահը թնդաց սիրոյ եւ յաղթանակի երգերով, ինչպէս՝ «Չքնաղ Շահումեան», «Հայեր Միացէ՛ք», «Գետաշէն», «Հպարտ Գնացէ՛ք», «Պիտի Գնանք», «Վեր Կաց, Շահէ՛ն», «Երեւան», եւ այլ երգեր։
Գուսան Հայկազուն երգերու կատարողութեան ընթացքին նշեց, որ ո՛չ մէկ երգ գրուած է պատահականօրէն, այլ իւրաքանչիւրը ունի իր դրդապատճառը. նոյն առթիւ պատմեց «Գետաշէն» երգի ծնունդի պատմութիւնը։ Արցախեան պատերազմի ընթացքին 1991-ի գարնան, երբ 25 հոգիով դէմ կը դնէին թշնամիին, հրամանատարը թելադրած է իրեն թէ .-«Աւելի նախընտրելի է մնալ եւ երգ յօրինել Գետաշէնի մասին, քան զոհ դառնալ թշնամիի կոյր գնդակին»։ Այսպիսով երեք օրուան մէջ գրած է «Գետաշէն» երգը, որ քսան տարիներէ ի վեր երգուած եւ գնահատուած է բոլորին կողմէ։
Ձեռնարկի ընթացքին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն հայրենիք մեկնած եւ պետական երաժշտանոցի ուսանող դարձած, ապա «Հայկազունք» համոյթի մաս կազմած Տիգրան Յովհաննէսեան, որ հրաշալի ձայնով ոգեւորեց հանդիսատեսը։
Յայտագրի աւարտին ծաղկեփունջերով գնահատուեցան «Հայկազունք» համոյթի մասնակիցները։ Ապա Կարպիս Դերձակեան, հրաւիրեց Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Արտօ Համբարձումեանը եւ թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հայրը գնահատելու երաժշտական ասպարէզէ ներս արդիւնաւէտ աշխատանք տարած Գուսան Հայկազունը, որ սրբազան հօրմէն ստացաւ արծաթեայ յուշանուէրընուիրուած իր 60-ամեակին առթիւ։ Ապա Գերշ. Տ. Շահան Սրբազան հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը։
Լուսին Ապաճեան- Չիլ Աբոշեան