Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի 31 Մարտ 2016ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Անուշ Ակներեանի «Սկիզբ» գրքի շնորհահանդէսը: Ուրախութեամբ կ'ուզենք յայտնել, թէ առաջին անգամ ըլլալով սոյն ձեռնարկը սփռուեցաւ ուղիղ եթերով, եւ ունեցաւ աւելի քան եօթանասուն հետեւողներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան մօտ Գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անահիտ Պալեան, որ բարի գալուստի խօսքին մէջ յիշեց թէ ամենօրեայ մեր մտահոգութիւններու կարգին, որպէս հայ ժողովուրդ՝ մեր ուսերուն ունինք այլ մտահոգութիւններ,- մեր ազգի ինքնութեան գոյատեւումը կամ մեր ժողովուրդի ցուցաբերած անտարբերութիւնը հայերէն լեզուի նկատմամբ, այդ մէկը ըլլայ հայրենիքէն ներս թէ սփիւռքի տարածքին: Ընկերուհին անդրադարձաւ թէ այս մտահոգութեան մասին անդրադարձած է հայ մտաւորականութիւնը մեր պատմութեան զանազան հանգրուաններու ընթացքին, եւ ան ահազանգի մը նման վերջերս ցնցեց նաեւ մեզ՝ երբ Եունեսքոն արեւմտահայերէնը դասեց «վտանգուած լեզուներ»ու կարգին: Այս իրավիճակի առաջքը առնելու եւ պէտք եղած դարմանը գտնելու նախանձախնդրութեամբ, ճիշդ է որ աշխատանքներ տարուեցան եւ ընթացքի են, սակայն տագնապի իսկական լուծումը պիտի ըլլայ երբ նոր բանաստեղծ-բանաստեղծուհիներ, նոր արձակագիրներ, նոր մտաւորականներ գան հրապարակ, եւ իրենց նոր գրութիւններով պիտի դառնան նոր սերունդի սիրտն ու հոգին, եւ շաղուելով ու շփուելով երիտասարդներուն հետ, երիտասարդացնեն ու նոր աւիշով պատուաստեն մեր ալեհեր հայոց լեզուն:
Ահա այս ծիրէն ներս յաջող օրինակ մը կը նկատուի Անուշ Ակներեանի «ՍԿԻԶԲ» գիրքը եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը կը հաւատայ որ Անուշի նման այլ գրիչներ պիտի ծնին, պիտի գրեն ու ծաղկեցնեն մեր մայրենին:
Անուշ Ակներեանի «Սկիզբ» գիրքը բանաստեղծութիւններու փունջ մըն է: Ընթերցողը հոն պիտի գտնէ գեղեցիկ ձեւով արտայայտուած զգացումներ ու մտքեր. ան հոն պիտի գտնէ նաեւ մաքուր ոճ, պարզ ու հասկնալի լեզուով արտայայտուած՝ սէր ու պոռթկում:
«Եթէ օր մը դարձեալ լսեմ
իմ անունս
շուրթներուդ լռութեանը մէջ,
աստղեր պիտի թափուին ամպերէն
եւ յոգնած դէմքս պարուրեն՝ լոյսով»:
Բանաստեղծուհի Անուշի վերոյիշեալ գեղեցիկ տունը արտասանելէ ետք, Անահիտ Պալեան ամփոփ տողերու մէջ, անդրադարձաւ Անուշ Ակներեանի կենսագրական գիծերուն:
Անուշ Ակներեան մասնագիտացած է գրականութեան մէջ եւ հետեւած լեզուի փիլիսոփայութեան ծրագրի ՄգԿիլ համալսարանէն ներս: Բանաստեղծութեան կողքին, ան յօդուածներով ու թարգմանական գործերով կ'աշխատակցի սփիւռքի եւ Հայաստանի գրական հանդէսներուն: Հրատարակիչն ու գլխաւոր խմբագիրն է երկլեզու Corridor Books հրատարակչատունը: Անուշ եղած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, ապա հինգ տարի յաջորդաբար եղած է՝ Գանատայի շրջանային վարչութեան քարտուղար: «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան շրջանին, իր մասնակցութիւնը բերած է որպէս օգնական խմբագիր, իսկ այժմ «Հորիզոն»ի Գրական յաւելուածին խմբագրական կազմի անդամ է: Նախապէս Պէյրութէն, ներկայիս հաստատուած է Մոնթրէալ եւ կ'ապրի իր ամուսնոյն Վարդգէս Մելքոնեանի հետ:
Նկատի ունենալով որ ձեռնարկը Համազգայինի եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կազմակերպութեամբ էր, հանդիսավարը բեմ
հրաւիրեց «Հորիզոն» Գրական յաւելուածի խմբագիր՝ Վիգէն Աբրահամեանը, որ իր խօսքին մէջ յիշեց թէ 30 տարիներ առաջ երբ ան ոտք դրաւ «Հորիզոն», Անուշ Ակներեան ձեւով մը իր «ուսուցչուհի»ն հանդիսացաւ թերթի տպագրութեան «խոհանոցային» գործին մէջ:
Ընկ. Աբրահամեանի խօսքէն ետք, բեմ բարձրացաւ հեղինակի հին բարեկամներէն, Գանատահայ գաղութի քաղաքական եւ կրթական կարկառուն դէմքերէն, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Հայոց Պատմութեան դասատու եւ մեր բոլորին ծանօթ ու շատ սիրելի Մհեր Գարագաշեանը, ներկայացնելու «ՍԿԻԶԲ» գիրքը: Մ. Գարագաշեան յայտնեց թէ Անուշ Ակներեանի «Սկիզբ» գիրքի բանաստեղծութիւնները կը ներկայացնեն տարբեր նիւթեր, հետեւեալ խորագիրներու տակ՝ «Կեանք», «Սէր», «Խոկում», «Միտք» եւ «Հող», եւ ընթերցելով իւրաքանչիւր նիւթէն հատուածներ, բծախնդրօրէն ներկայացուց բանաստեղծուհիի զգացումներն ու մտահոգութիւնները։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Անուշ Ակներեանի բանաստեղծութիւնը ընթերցողին կը կապուի ուղիղ գիծով, անոր կը խօսի անսեթեւեթ ու ժուժկալ ձայնով մը: Նոյնիսկ երբ հանդիպինք պատկերներու փայլատակումներու, խոհական սեւեռմանց կամ վերարձակումներու, այդ ժուժկալութիւնը ներկայ է լեզուական խտութեան, զգացումներու զուսպ դրսեւորման եւ զեղումներէ զերծ դիտարկումներուն մէջ:»
Ապա հանդիսավար Ա. Պալեան բեմ հրաւիրեց «Սկիզբ» գիրքի հեղինակ՝ Անուշ Ակներեանը, ներկայացնելու իր բանաստեղծութիւններէն փունջ մը եւ փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Հեղինակը իր դիւթիչ ձայնով եւ հարազատ ապրումներով յաջողեցաւ գրաւել ներկաներուն ուշադրութիւնը դէպի իր ստեղծագործութիւնը, միաժամանակ պաստառի վրայ ներկայացնելով նկարներ՝ իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան նիւթին հետ առնչուող: Ընթերցումէն ետք, Անուշ Ակներեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ծնողքին, որ իր մէջ սերմանած է այն սէրն ու գուրգուրանքը հայ լեզուի ու գրականութեան նկատմամբ, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն գրական ձեռնարկը կազմակերպողներուն եւ աւելցուց «… գրողը պիտի գրէ, իր մայրենի լեզուով կամ մէկ այլ լեզուով։ Եթէ գրող է՝ չի կրնար չգրել։ Ո՛ւր որ ընդունելութիւն գտնէ, այդ ծիրէն ներս պիտի ստեղծագործէ։ Եթէ հայ գրասէր հասարակութիւն կայ, որ կը քաջալերէ իր գրողները, նիւթապէս եւ բարոյապէս, հայ գրականութիւնը կ'աճի ու կը զարգանայ։ Իսկ եթէ չըլլայ հասարակութեան այն խաւը, որ արուեստագէտ ու գրող կը քաջալերէ՝ հայ արուեստագէտն ու գրողը այլ միջոցներու կը դիմեն։ Ես չեմ հաւատար, որ կա՛յ հայ գրող մը, որ լաւ հայերէն գիտնալով հանդերձ, իր ժողովորդին կողմէ լաւ ընդունելութիւն գտնելով հանդերձ՝ միայն օտարալեզու գրականութիւն մշակէ։ Հայերէն գրականութիւն ունենալը՝ հայ ընթերցող ունենալ կ'ենթադրէ»:
Այնուհետեւ Անահիտ Պալեան իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Անուշ Ակներեանի «Խոկում»ներուն մէջ, նշուած հետեւեալ տողերուն.
«Ո՞ւր է իմ ձայնի դղրդիւնը,
որ կոչուած էր
Լեռներ շարժելու»:
Ան իր խօսքը ուղելով հեղինակին ըսաւ. «Սիրելի Անուշ, քու ձայնովդ եւ մեր բոլորին միասնական ճիգերով՝ պի՛տի շարժին լեռները, եւ յոյսով ենք որ անոր արձագանգը ծնունդ պիտի տայ նո՛ր հայ բանաստեղծներու»: Ա. Պալեան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան անունով իր յարգանքի եւ շնորհակալական խօսքերը յաջորդաբար փոխանցեց Անուշ Ակներեանին հայ գիրքի մը կեանք տուած ըլլալուն, Մհեր Գարագաշեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան հայ լեզուի, գիրի ու գիրքի կարեւորութեան, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի թէ «Հորիզոն» Գրականի խմբագրական կազմին, Վիգէն Աբրահամեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան հայ մամուլին եւ գաղութներէ ներս անոր բերած հայապահպանման, տեղեկատուական, գրական թէ այլ կարեւոր ներդրումներուն մասին: Ան նաեւ յարգանքի ու շնորհակալական խօսք ուղեց գրասէր ներկաներուն, որ իրենց ներկայութեամբ ու հայ մշակոյթին նկատմամբ իրենց ունեցած հետաքրքրութիւններով, կու գան ու կը քաջալերեն հայ գիրքն ու հայ արժէքները:
Գրական երեկոյի աւարտին տեղի ունեցան հիւրասիրութիւն, շնորհաւորութիւններ եւ գիրքերու մակագրումը հեղինակին կողմէ:
Անահիտ Պալեան