Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, կրցաւ Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններու աշակերտութեան առիթ ընձեռել՝ հայկական բեմարուեստէն գեղեցիկ նմոյշ մը ըմբոշխնելու:
Արդարեւ, օգտուելով Երեւանի «Արմէն Տիգրանեան» երաժշտական դպրոցի սաներու Լոս Անճելըս այցելութենէն՝ Համազգայինի թատերական միաւորը անմիջապէս լծուեցաւ կազմակերպչական աշխատանքներու, եւ ի պատիւ բոլոր հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց ու հայոց լեզուի դասատուներու անվերապահ աջակցութեան՝ աշակերտական ելոյթը իրականութիւն դարձաւ. աւելի քան 1400 հայ աշակերտներ վայելեցին մանուկներու դերակատարութեամբ եւ մանուկներու համար յատուկ ու գեղեցիկ բեմադրութիւնը, Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի թատերական միաւորի ներկայացուցիչ Նարկիզ Մուրինեան, որ ջերմօրէն ողջունեց բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները:
«Անուշ» օփերան բազմիցս ներկայացուած է Լոս Անճելըսի բեմերուն վրայ, իսկ հայրենիքի մէջ «Անուշ»ը մշտական ներկայութիւն է, հայրենի ժողովուրդին համար՝ նուիրականացած արուեստի սրբութիւն մը, որ սկիզբ առած է Գոհար Գասպարեանով, Աննա Նշանեանով, ապա շարունակուած է անոնց յաջորդներով, մինչեւ փոքրիկն Անուշը՝ 10 տարեկան Անին, որ իր զգլխիչ ձայնով եւ կատարումով կրցաւ գերել հանդիսատեսը: Անիին կ՛ընկերանային իր ընկերները, որոնք կը մարմնաւորէին «Անուշ»ի գլխաւոր հերոս-հերոսուհիները:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: