Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին ու Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Կիլիկիոյ» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու մեծարանքի երեկոն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ երեկոն կազմակերպուած է գնահատելու, պատուելու եւ խոնարհելու Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճեաներուն վաստակին դիմաց, հայ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ եւ արուեստներուն մէջ գերագոյններէն հանդիսացող երաժշտութեան հանդէպ իրենց խորաթափանց սիրոյն եւ բծախնդիր աշխատանքին համար: Ան խօսելով մշակոյթի դերին մասին պնդեց, որ մշակոյթը հայ ազգի գոյատեւման կենսական աղբիւրներէն եւ ինքնութիւնը անաղարտ պահող ուժերէն մէկն է: Մշակոյթը շունչն է ազգին եւ անոր կենդանութեան համար աւիշ մատակարարող աներեւոյթ զօրութիւնը:
Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Ճենտերեճեան եղբայրները իրենց կեանքի ընթացքին հոգիով միացած` լուռ խօսքերով փոխանցած են մեր մշակոյթի կոթողները: