Կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան գրատարածի յանձնախումբին, Կիրակի, 10 Յունիս 2012-ի կէսօրէ ետք ժամը 2։00-ին, Թորոնթոյի Համազգայինի Յ. Մանուկեան գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուբէն Մնացականեանի «Արեւի Մարդը» գիրքի շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավարն է Թամար Տօնապետեան: Ան կը մէջբերէ գիրքէն քերթուածներ համեմելով իր նախաբանը: Կը ներկայացնէ համազգայնական Ռուբէն Մնացականեանը իբրեւ արդարամիտ, պայծառ մարդ եւ անդրդուելի հայ: Մնացականեան ծնած է Թեհրան, շրջանաւարտ՝ Քուշէշ Դաւթեան երկրորդական վարժարանէն, հետեւած է տնտեսագիտութեան, վարչագիտութեան եւ ոսկերչութեան: 1980-էն ի վեր հաստատուած է Թորոնթօ: Ամուսնացած է Մարինայի հետ եւ ունի երեք զաւակներ:
Աշխատակցած է «Ալիք» եւ «Հորիզոն» թերթերուն: «Արեւի Մարդը» հատորը իր չորրորդ գիրքն է: 1999-էն ի վեր հրատարակած է ուրիշ երեք գիրքեր, որոնք են «Եւ», «Ճեղքուած Արեւ» եւ «Արեւի Երկիր»: Պարգեւատրուած է Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ շքանշանով իբրեւ Հայ գրքի մշակ:
Ծրագրին ընդմէջէն զանազան քերթուածներ կ’արտասանեն Մեղեդի, Արեն եւ Ցոլինէ Մնացականեանները, Սեւակ Յարութիւնեան եւ Գարօլին Խուշապէ: Իւրաքանչիւրը կը հաստատէ «Արեւի Մարդը» գիրքի տարբեր բայց իրար ամբողջացնող իմաստները:
Գիրքը ներկայացնողը Ռոզա Սաֆարեան Տէր-Յարութիւնեանն է: Ան ծնած է Թեհրան եւ յաճախած տեղւոյն հայկական վարժարանները: Վկայեալ է Երեւանի Պետական համալսարանէն, ուր հետեւած եւ ամբողջացուցած է բանասիրական բաժնի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ճիւղը: Ան աշխատած է Թեհրանի եւ ապա Թորոնթոյի մէջ, իբրեւ ուսուցիչ, դասախօս, թարգմանիչ, խմբագիր եւ յօդուածագիր. «Անաղարտ Պահենք Մայրենին» գիրքի հեղինակն է:
Ռոզա Տէր-Յարութիւնեան կը սկսի իր վերլուծականը գրականութիւնը համարելով մարդկային իմացականութեան բարձրագոյն դրսեւորումներէն մէկը: Մնացականեանի բանաստեղծութիւններու նիւթերն են իր ժողովուրդը յուզող հարցերը, ներկայ վիճակը եւ ապագան, հայրենի կարօտը, սէրը, կեղծիքի դէմ պայքարը, ոգեւորութեան եւ յուսալքութեան հոգեվիճակները:
Տէր-Յարութիւնեան կը բացատրէ, որ Մնացականեանի համար Արեւը ներշնչումի աղբիւր է, իր մուսան է, իր ստեղծագործութեան շարժառիթը: Ան Արեւը կը ներկայացնէ իբրեւ ջերմացնող աղբիւր, որ մարդուն կրնայ հասցնել երազային բարձրունքներ:
Տէր-Յարութիւնեան կը վերլուծէ, որ Մնացականեանը իր քերթուածներու միջոցաւ կ’ուզէ պայքարիլ դաժան իրականութեան դէմ եւ աշխարհին սպառնացող բարոյական եւ ֆիզիքական վտանգներուն դէմ: Իր քերթուածները ներշնչեն մարդը որպէսզի կռուի թուլութիւններու դէմ եւ պահէ հոգիի սրբազան կրակը, ազնուանայ եւ սիրէ մարդկութիւնը:
Տէր-Յարութիւնեան կը նկարագրէ Մնացականեանի ոճը, որ պարզ է, սեղմ եւ հակիրճ, բայց՝ բովանդակալից ու խորաթափանց: Կը խօսի ընթերցողի հետ իբրեւ զրուցակից: Անկեղծ է:
Տէր-Յարութիւնեան կը նշէ Մնացականեանի բանաստեղծութիւններէն, որ իր արմատներու եւ ժողովուրդի համար է, յատկապէս սփիւռքահային, որ կապուած մնայ իր անցեալին, պատկանելիութեան, լեզուին եւ մշակոյթին որոնք կը համարէ սրբութիւններ եւ յարատեւութեան գրաւական: Տէր-Յարութիւնեան իր վերլուծումները կը յստակացնէ մէջբերելով համապատասխան եւ պատշաճ քերթուածներ:
Օրուան հանդիսավարը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ռոզա Տէր-Յարութիւնեանին որ իր խորաթափանց վերլուծումով իմաստաւորեց գիրքը, ապա կը հրաւիրէ արհեստավարժ երգչուհի, երաժիշտ եւ երգահան Անահիտ Կուտսուզեանը, որ երգի վերածած է Մնացականեանի ստեղծագործութիւններէն մէկը: Կուտսուզեան «Կեանք» քերթուածին կեանք կուտայ իր յօրինումով, քնքոյշ ձայնով եւ միաժամանակ նուագելով դաշնակի վրայ:
Կարգը կը հասնի բանաստեղծին, Ռուբէն Մնացականեանին, որ փոխանցէ սրտի խօսքը: Շնորհակալական արտայայտութիւններէն վերջ, ան կ’անդրադառնայ իր «Արեւի Մարդը» գիրքի Արեւին, որ կենսատու է, տիեզերքին՝ որ յաւերժական է, եզերքին՝ որ փճացող է, երկրագունդին՝ որ հիւրանոց է եւ մարդուն՝ որ այս բոլորին մէջտեղ կանգնած է: Հարց ու պատասխանէն վերջ, կը յանձնուի Համազգայինի գրատարածին կողմէ յուշանուէր մը Սօսի Թաշճեանի ձեռամբ:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի կ՚ունենայ հիւրասիրութիւն, եւ կը սկսի մակագրութեան շարքը եւ քաղցր ու ջերմ խօսակցութիւններու առիթը:
Կ’անդրադառնանք օրուան հանդիսավարի՝ Թամար Տօնապետեանի խօսքին «Ամէն անգամ որ Հայերէն լեզուով գիրք կը հրատարակուի, մեր այբուբենը նոր կեանք կը ստանայ, իսկ երբ այդ գիրքը կը կարդանք, մեր դարաւոր լեզուին կենսուկանութիւնը կ’ապահովենք: Ահաւասիկ այսօր առիթ մը եւս մեր ոսկեղենիկին նոր շունչ տալու:»
Արշօ Զաքարեան