Ուրբաթ, 30 Յունուար 2015-ին, ընդառաջելով ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին հրաւէրին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր այցելեցին արուեստագէտ, երաժիշտ եւ երգահան Էլիաս Ռահպանի, Մըզհերի փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեան եւ Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հայկ Ոսկերիչեան:
«Ն. Աղբալեան» կոմիտէի անդամներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Էլիաս Ռահպանի դրուատիքով արտայայտուեցաւ հայութեան, հայ մշակոյթին եւ լիբանանահայ տիպարին մասին:
Ապա երաժիշտն ու հիւրերը շրջագայեցան կեդրոնին մէջ, ծանօթացան տարբեր բաժանմունքներուն, հոն տարուող գործունէութեան ու առօրեային:
Համազգայինի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնին մէջ Էլիաս Ռահպանի եւ հիւրերը ընդունուեցան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն կողմէ, ապա ականատես եղան Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, «Գայեանէ» պարարուեստի, «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի եւ «Արեգ» թատերական դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն կատարած փորձերուն: Ռահպանի հիացմունք արտայայտեց տարուած աշխատանքին գծով, նաեւ դիտել տուաւ, որ հոն թրծուող մարդուժը նաեւ պէտք է ներգրաւուի լիբանանեան արուեստի տարբեր մարզերուն մէջ: