Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը միշտ աշխատած է Թորոնթոհայ Գաղութին հրամցնել գրական զանազան ելոյթներ և հաւաքներ։ Անոր աշխատանքի նպատակն է հայ գրականութեան հանդէպ սէրը վառ պահել Թորոնթոհայ երիտասարդին սրտին մէջ։ Այդ մէկը կ՛իրականանայ երբ առիթը կը տրուի երիտասարդին, ինչու չէ նաեւ փոքրիկներուն, ծանօթանալու հայ գրականութեան հարուստ աշխահին ու խորանալու անոր մէջ։
Մեկնելով այս գաղափարէն, գրական յանձնախումբը կազմակերպեց Արտասանական մրցոյթ մը Օնթարիոյի մէջ բնակող բոլոր հայ աշակերտներուն համար։ Ու ինչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն, մրցումը տեղի ունեցաւ Մայիս 14-ին, Մայրերու Օրին։ Փոքրիկներուն շրթներէն արտասանուած հայերէն քերթուածէն աւելի գեղեցիկ նուէր կա՞յ հայ մայրերուն համար։
Կիրակի 14 Մայիս 2017-ի, յետմիջօրէի ժամը 2-ին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահը արդէն լեցուն էր մրցումին մասնակցող 30 պատանիներուն ծնողներով, հարազատներով ու քաջալերող ընկերներով։ Ձեռնարկին նուիրատուն էր Golden Bee Homes, սեփականատէր՝ Յակոբ Թորոսեան։
Օրուան հանդիսավարն էր Վարագ Պապեանը։ Վարագ ներկաներուն ծանօթացուց դատական կազմի երեք անդամները, երեք ասմունքող, հայ մշակոյթի հանդէպ սէր ու գուրգուրանք ցուցաբերող՝ Մուշեղ Գարագաշեան, Ռուբէն Մնացականեան եւ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան։ Վարագ խնդրեց սրահը ներկայ գտնուող մայրերէն բեմէն արտասանուած կտորները ընդունին իբրեւ ծաղկեփունջ իրենց տօնին առթիւ։
Մրցումը սկսաւ մասնակցողներու պարտադիր կտորներով ու 10 վայրկեան դադարէ մը վերջ շարունակուեցաւ իրենց ազատ կտորներով։ Անոնք մէկ-մէկ բեմ կը բարձրանային խառն հերթականութեամբ։
Մրցումը բաժնուած էր երեք բաժիններու։ 5-րդ եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները մէկ խմբակ, 7-րդ 8-րդ 9-րդ դասարանի աշակերտները ուրիշ խմբակ, իսկ 10-րդ 11-րդ 12-րդ դասարանի աշակերտները երրորդ խմբակ։ Իւրքանչիւր խմբակ ունէր երկու պարտադիր կտորներ, որոնցմէ մէկը պէտք էր ընտրէր մասնակցողը ու աւելցնել անոր ազատ կտոր մը։
Պարտադիր կտորներն էին.
5-6-րդ դասարանի աշակերտներուն.- Ո՞րն է պապօ, մեր հայրենիք (Յովհաննէս Շիրազ), կամ ՝ Հայ Լեզուն տունն է հայուն (Մուշեղ Իշխան):
7-8-9-րդ դասարանի աշակերտներուն.- Կեանքից թանկ բանը (Աւետիք Իսահակեան) կամ Ուխտ Արարատին (Անդրանիկ Ծառուկեան)։
10-11-12-րդ դասարանի աշակերտներուն.- Հայաստան (Պարոյր Սեւակ) կամ Օրհնութիւն (Դանիէլ Վարուժան):
Կը ներկայացնենք իւրաքանչիւր մասնակցողի անունն ու դասարանը.
Հինգերորդ դասարանէն՝ Իզապէլ Ակոբ, Լիլիթ Նաճարեան, Լոռի Փանոսեան, Գաթրին Գանտահարեան, Կասիա Խաչոյեան, Վանա Գազանճեան, Սարին Գաբրիէլեան, Օշին Մարգարեան։ Վեցերորդէն՝ Ալանա Վայս, Էլի Մահսէրէճեան, Մոնթէ Սաֆարեան, Լիզա Յովակիմեան, Գամիլլա Գանտահարեան, Արամ Թիքճեան, Նանսի Սապունճեան։ Եօթերորդէն՝ Սառա Պայրագտարեան, Գառնիկ Սահակեան, Էլիզապէթ Գանտահարեան, Վարագ Մեսրոպեան, Արաքս Սարգիսեան, Անի Ասթուրեան։ Ութերորդէն՝ Արմէն Արթին, Գարօլ Շահվերտեան, Ռոզիկ Ալեքսանտըր, Զարեհ Մարգարեան, Լոռի Պէրպէրեան, Լոռի Արամեան, Անի Պոյաճեան։ Տասերորդէն՝ Ալիք Պապօղլեան, Տասնմեկերորդէն՝ Մարինա Խաչոյեան։
Դատական կազմը խորհրդակցելու ու նիշերը գումարելու միջոցին երաժշտական տաղանդ ունեցող փոքրիկներ գեղեցկացուցին յայտագիրը դաշնամուրի ու ջութակի քաղցր եղանակներով։ Դաշնամուրի վրայ՝ Սէրլի Բիւզէքեան,Գառնի Բիւրզէքեան, Գաբրիելա Բադիկեան, Անուշ Յարութիւնեան եւ Գայանէ Յարութիւնեան, իսկ ջութակով՝ Աննա Մարիա Մուպայետ։
Մինչեւ արդիւնքներուն վերջնականացումը ժողովուրդը խանդավառ մթնոլորտի մէջ պահելու համար յայտարարուեցաւ ազատ բեմ, ուր ասմունքեցին Արեն Մնացականեանն ու Լոռի Արամեանը։
Ապա հասաւ սպասուած պահը։ 5-6-րդ դասարանի աշակերտներուն խմբակէն երրորդ հանդիսացան երկու մասնակցողներ՝ Մոնթէ Սաֆարեանը (Հայ լեզուն տունն է հայուն - Մ. Իշխան եւ Իմ սուրբ հայրենիք - Յ. Շիրազ) եւ Վանա Գազանճեանը (Հայ լեզուն տունն է հայուն – Մ. Իշխան եւ Չար բաներ – Զահրատ) . երկրորդ հանդիսացաւ Իզապէլ Ակոբ (Հայ լեզուն տունն է հայուն – Մ. Իշխան եւ Ցան – Դ. Վարուժան). իսկ առաջին՝ Սարին Գաբրիէլեան (Հայ լեզուն տունն է հայուն – Մ. Իշխան եւ Առկայծ Ճրագ Դ. Վարուժան)։ 7-8-9-րդ դասարանի աշակերտներու խմբակէն երրորդ հանդիսացաւ Լոռի Պէրպէրեան (Ուխտ Արարատին – Ա. Ծառուկեան եւ Խօսք իմ որդուն – Ս. Կապուտիկեան), երկրորդ հանդիսացաւ Զարեհ Մարգարեանը (Ուխտ Արարատին – Ա. Ծառուկեան եւ Հազարին մէկ - Զ. Խրախունի), իսկ առաջին՝ Լոռի Արամեանը (Ուխտ Արարատին – Ա. Ծառուկեան եւ Մօր Ձեռքերը Պ. Սեւակ) 10-11-12-րդ դասարանի աշակերտներու խմբակին երկրորդ հանդիսացաւ Մարինա Խաչոյեանը( Օրհնութիւն – Դ. Վարուժան եւ Հայ մամիկին աղօթքը – Մ. Իշխան), իսկ առաջին՝ Ալիք Պապօղլեանը (Հայաստան – Պ. Սեւակ եւ Մենք – Գ. Էմին)։
Իւրաքանչիւրը ստացաւ համապատասխան մրցանակագիր, առաւել՝ Royal Ontario Museum-ի The Blue Whale ցուցահանդէսի յատուկ տոմս, Համազգայինի Հայ Աստղեր մանկապատանեկան երգչախումբի ելոյթի կամ Համազգայինի Պարարուեստի Ուսումնարանի եւ Էրեբունի պարախումբի տարեկան ելոյթի տոմսեր։
Աւարտին բոլոր մասնակցողները բեմ հրաւիրուեցան խմբային նկար մը նկարուելու ու ստանալու գիրք մը, իբրեւ նուէր ու քաջալերանք յառաջիկայ արտասանական մրցոյթներուն կրկին մասնակցելու համար։
Իսկապէս բարձր գնահատանքի արժանի էին բոլոր մասնակցողները անխտիր։ Շնորհակալութիւն սիրելի փոքրիկներ, որ երկու ժամուան ընթացքին մեզի հրամցուցիք հայ գրականութենէն քաղուած զանազան քերթուածներու գեղեցիկ փունջ մը։ Այդ մէկը ձեր գրական բարձրորակ ճաշակը կը ցոլացնէր ։ Կը շնորհաւորենք նաեւ ձեր ծնողները։ Գիտակից ծնողքն է, որ ճիգ չի խնայեր իր զաւկին մէջ ցանելու հայ գրականութեան հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն։ Յաջողութիւն կը մաղթենք փայլուն ապագայ խոստացող այս փոքրիկներուն։
Արտա Տէր Յակոբեան Էլէյճեան