Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ Արցախի մէջ բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնին առիթով տեղի ունեցաւ «Արցախահայ բանաստեղծութիւններ եւ արցախեան տպաւորութիւններ» նիւթով ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Յակոբ Աբրահամեան, որ նշեց, թէ սոյն ձեռնարկը կը միտի 15-19 Հոկտեմբեր 2012-ին Արցախի մէջ կայացած բանաստեղծութեան միջազգային փառատօնը լուսարձակի տակ առնել: Ան ըսաւ, որ փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 10 երկիրներէ 50 բանաստեղծներ, որոնց շարքին են օրուան զեկուցաբերները` Սարգիս Կիրակոսեան եւ Ապտօ Լապաքի:
Ապա խօսք առաւ Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ արցախեան բանաստեղծութիւնը սկսած է 1930-ական թուականներուն եւ մինչեւ այսօր կ՛ապրի: Ան ըսաւ, որ արցախեան բանաստեղծութիւնը ունի երկու հանգրուան` խորհրդային շրջան եւ անկախութեան շրջան, եւ իւրաքանչիւր շրջան հարուստ եղած է իր տաղանդաւոր եւ որակաւոր բանաստեղծներով:
Սարգիս Կիրակոսեան շեշտեց, որ շրջանին մէջ Արցախ առաջին երկիրն է, որ բանաստեղծութեան միջազգային փառատօն կը կազմակերպէ, հակառակ անոր որ երկիրը տակաւին միջազգային ճանաչում չունի: Ան աւելցուց, որ այս երեւոյթը գնահատական եւ քաջալերական է:
Կիրակոսեանին խօսքէն ետք, Սիլվա Քիւրքճեան ասմունքեց Վարդան Յակոբեանի, Ռոպերթ Եսայեանի եւ Հրանդ Ալեքսանեանի բանաստեղծական ստեղծագործութիւններէն:
Օրուան երկրորդ խօսքը արտասանեց լիբանանցի բանաստեղծ, դասագիրքերու հեղինակ եւ գրականագէտ Ապտօ Լապաքի, որ ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի մասին իր տպաւորութիւնները: Ան ըսաւ, որ Արցախի մէջ ամէն տեղ արձան գոյութիւն ունի, եւ արձաններուն տիպարները քաղաքական գործիչներ չեն, այլ՝ արուեստագէտներ, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ժողովուրդը արուեստն ու արուեստագէտը գնահատել գիտէ: Այս գծով Լապաքի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նմանօրինակ երեւոյթի մը կարօտը գոյութիւն ունի:
Նահատակներու յարգանքի երեւոյթը լուսարձակի տակ առնելով` ան նշեց, որ աշխարհի ոչ մէկ վայրի մէջ նահատակին նկատմամբ նուիրական վերաբերմունք կայ, որքան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Լապաքի ըսաւ, որ Հայ դատը ոչ միայն մարդկային հարց է, այլեւ մարդկային գոյութեան հետ առնչուող խնդիր:
Ձեռնարկին աւարտին Ապտօ Լապաքի հաստատեց, որ մօտիկ ապագային պիտի հրատարակէ գրքոյկ մը, որուն մէջ լոյս պիտի տեսնեն Հայաստան եւ Արցախ իր այցելութեան մասին յուշեր եւ վկայութիւններ: