Ուրբաթ, 3 Մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմին անդրանիկ ձեռնարկը, կազմակերպութեամբ՝ գրական-դաստիարակչական յանձնախումբին: Ձեռնարկը Աւետիք Իսահակեանի մահուան 60 ամեակին նուիրուած գրական երեկոյ մըն էր, որ եկաւ քուէյթահայութեան արուեստի ու մշակոյթի, գիրի ու գրականութեան ծարաւը յագեցնելու:
Իր բոլոր կէտերով՝ յայտագիրը հարուստ էր ու գեղեցիկ: Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Թինա Թասլաքեանի բացման խօսքէն ետք տեսերիզով ներկայացուեցան Աւետիք Իսահակեանի կեանքն ու անկէ քաղուած դրուագներ: Պօղոս Աւետիսեան արտասանեց Իսահակեանի «Ոչինչը» առակը, այնուհետեւ Ատոմ Քէհեայեան հանդէս եկաւ մեներգով՝ «Մայրիկիս», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հայկուհի Բազեանի, որուն յաջորդեց ասմունք՝ Իսահակեանէն հատընտիր, կատարողութեամբ՝ Հուրի Արսլանեանի, Նարինէ Արապաթլեանի, Մայտա Մովսէսեանի եւ Կիլտա Իյճեանի: Լիլա Կարապետեան մեներգեց «Շատ մի՛ տխրիր, շատ մի՛ խնդար, սիրելի՛ս» երգը, ապա օրուան բանախօս՝ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Միջնակարգ ու Երկրորդական կարգերու հայրենաւանդ ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեան լուսարձակի տակ առաւ Իսահակեանի գրական վաստակը: Բանախօսութենէն ետք Գէորգ Թէմամեան մեներգեց «Մուրճ Կամ Զնդան» երգը: Անշուշտ, գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմող բոլոր երգերու խօսքերուն հեղինակը Աւետիք Իսահակեանն էր:
Ներկաները երկարատեւ ծափահարութիւններով ողջունեցին երեկոյին մասնակիցները: Արժանապատիւ Տ. Արտակ Քհնյ. Քէհեաեան իր սրտի խօսքին մէջ ջերմապէս շնորհաւորեց ու բարձր գնահատեց կազմակերպիչներն ու մասնակիցները:
Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմի անդրանիկ այս ձեռնարկը, յուզումնառատ մթնոլորտով ու բծախնդիր կազմակերպուածութեամբ՝ մեծ բաւարարուածութիւն պարգեւեց քուէյթահայ գրասէր հանրութեան։