2013 տարուան տեւողութեան, Աւստրալիոյ Համազգային Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած յատկանշանական հանդիսութիւններու ամբողջութեան, լրացուցիչ երեկոներէն մէկն էր Շաբաթ, 22 Յունիս 2013-ի գիշերուան տեղի ունեցած Ոսկեայ Յոբելինական Շքահանդէսը, Grand Royale շքեղ սրահէն ներս (Granville):
Երեկոն սկսաւ Տիկ. Ա. Մուրատեանի 50 ամեակի առթիւ հակիրճ բացման խօսքով, ապա ան հրաւիրեց ներկաները պարելու եւ ճոխացնելու խնճոյքը:
Հայկական երգն ու պարը թնդաց Blackbird նուագախումբի 3 երգիչներու առինքնող ձայներով: Հայ ազգային ժողովրդական երգերը ոգեւորեցին աւելի քան 220 համազգայնականներու եւ համակիրներու հոծ խումբը:
Համազգային Սիտնիի հիմնադիր եւ 50 տարուան վեթերան անդամ Յակոբ Զառացեան, Շրջանային Վարչութեան եւ պարահանդէսի յանձնախումբի անդամներուն հետ կտրեց 50 ամեակի կարկանդակը:
Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Հերոս Գրիգորեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք օգնած էին այս երեկոյի յաջողութեան եւ նամանաւանդ ներկաներուն, որոնցմով ճոխացաւ երեկոն: Ան յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Վարսենիկ Մկրտիչեանին եւ Շաքէ Յակոբեանին, վարչութեան վերջին ձեռնարկներուն առթիւ իրենց կատարած մեծ զոհողութեան համար եւ պատուեց զանոնք հրապուրիչ ծաղկեփունջով մը:
Երեկոն ճոխ մթնոլորտի մէջ ընթացաւ մինչեւ ուշ ժամեր: Ներկաները ըմբոշխնեցին հայկական ուրախ մթնոլորտը եւ բարձր տրամադրութիւններով բաժնուեցան իրարմէ, մաղթելով համազգայնականներուն ուժ եւ կորով, որպէսզի անոնք վերանորոգ հաւատքով ու վճռականութեամբ շարունակեն իրենց ազգաշէն առաքելութիւնը, հաւատարիմ հիմնադիրներուն նուիրական ուղիին: