«Բագին» գրական եռամսեայ հանդէսը մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր կը հրատարակուի նոր դիմագիծով եւ Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանի խմբագրութեամբ:
Այս առիթով, 8 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, ժամը 7:30ին «Բագին»ի ծանօթացման երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի Արուեստ եւ մշակոյթ գրասենեակի Հայկական բաժինի համադրող Էլիզապէթ Գրիգորեանի գործակցութեամբ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Էլիզապէթ Գրիգորեան, որ նշեց հայ գաղութէն ներս գործող Արուեստ եւ մշակոյթ գրասենեակին կարեւորութիւնը եւ յայտարարեց յառաջիկայ օրերուն գրադարանէն ներս տեղի ունենալիք ձեռնարկներու թուականները: Ան բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց Սոնիա Աճէմեանին:
Համազգայինի անունով հանդէս եկաւ «Բագին»ի նախկին խմբագիրի օգնական Արփի Համբարեան-Ճիէրեան, որ նշեց, թէ կէս դարէ աւելի կեանք ունեցող «Բագին»ը նոր շունչով դարձեալ գործի լծուած է, նոր շունչով՝ հիմնադիրներուն նպատակը պահելով հանդերձ: Ան յաջողութիւն մաղթեց խմբագիրին եւ ընդգծեց, որ «գրական հանդէս մը միայն խմբագիրի աշխատանքով չի կրնար մեծաքայլ ընթանալ: Հանդէսը կարիք ունի ընթերցուելու, փորձառու եւ երիտասարդ՝ սկսնակ գրողներու»: Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Սոնիա Քիլէճեանը: