Բագին
2012-ին ամբողջացաւ ԲԱԳԻՆ գրական հանդէսի հիմնադրութեան յիսնամեակը: Ուրբաթ, 2 Մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլէնտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ԲԱԳԻՆի կէս դար եւ աւելի շարունակուող երթին նուիրուած ձեռնարկ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային Վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, գործակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ «Սարդարապատ» գրախանութի տնօրէնութեան:
Հանդիսութեան ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամներ, Շրջանային Վարչութեան անդամներ, գրողներ, մտաւորականներ, համազգայնականներ եւ գրասէր հանրութիւն մը:
ԲԱԳԻՆի յիսնամեայ երթը խորհրդանշող ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Սեդա Գրիգորեան: Ան վեր առաւ հանդէսի հոգեմտաւոր, ազգային, գրական եւ մշակութային արժանիքները՝ հիմնադիր եւ իրարայաջորդ սերունդներու կեանքին մէջ՝ իբրեւ կորսուած Արեւմտահայաստանի յուշ, սփիւռքահայութեան ինքնութեան կռուան, գրական տարբեր սեռերու ստեղծագործական ստուար ժառանգ, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման գեղարուեստական զինանոց, որ սահմանուած է տեւելու նաեւ նոր օրերու սերունդներու կեանքին մէջ, Հայաստան եւ Սփիւռք, եթէ անշուշտ ԲԱԳԻՆ իրապէս վայելէ հայութեան լայն խաւի գորովն ու գուրգուրանքը` նոր ժամանակներու լոյսին տակ:
Առաջին բանախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վահէ Ժամագործեան, որ հանգամանաւոր կերպով անդրադարձաւ ԲԱԳԻՆի հիմնադրման պայմաններուն՝ իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան Բիւրոյի նախաձեռնութիւն, պատմականը ընելով ամբողջ յիսուն տարի հայ կեանքին ուղեկցած հանդէսին՝ դրուատելով հիմնադիր սերունդին (առաջին խմբագիր Կարօ Սասունի, գործակիցներ՝ Եդուարդ Պօյաճեան, Պօղոս Սնապեան, Յարութիւն Գեղարդ, Տիգրան Ոսկունի, Բաբգէն Փափազեան, Վահէ Օշական եւ ուրիշներ) բերած նպաստը՝ հայ վերապրող գրողներու, ցեղասպանուած արեւմտահայութեան մտաւոր թռիչքներու եւ հետագայ սերունդներու արտայայտման մնայուն բեմ՝ ԲԱԳԻՆ գրական հանդէսը ստեղծելու իրենց ճիգին համար:
Ժամագործեան նշեց նաեւ Պօղոս Սնապեանի քառասներկուամեայ խմբագրութեան տարիներուն ԲԱԳԻՆի ցուցաբերած քաղաքական կեցուածքը՝ սովետական կարգերու կողմէ ընդդէմ ազգայինն ու հայոց լեզուն ցուցաբերուած անբարենպաստ մթնոլորտին եւ յիշեց թէ ինչպէս ԲԱԳԻՆ հանդիսացաւ նաեւ ոգեղէն կամուրջ՝ ազգային մտածողութեան տէր Հայաստանի գրողներու (Չարենց, Բակունց, Գալշոյեան, Սեւակ, Նորայր Ատալեան եւ բազում ուրիշներ) եւ Սփիւռքի հայութեան միջեւ՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերու ԲԱԳԻՆը, որուն վերջին տասը տարուան խմբագիրն է Յակոբ Պալեան:
Յակոբ Պալեան լուսարձակի տակ առաւ ԲԱԳԻՆի ներկայ իրավիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ նիւթականէն սկսեալ մինչեւ, արեւմտահայ գրողներու հետզհետէ նոսրացումը, միաժամանակ շեշտելով հանդէսի սկզբունքային մօտեցումները՝ լեզուի մաքրութեան պահպանման տեսակէտէ, ապա բաժանորդներու ոչ յուսադրիչ թիւը եւ այլ երկիրներ ԲԱԳԻՆ հասցնելու առաքման խնդիրները՝ յիշելով նաեւ, որ Կ. Վարչութիւնը վերջերս առաքման հարցի բարւոք լուծում գտած է, կը մնայ, որ յատկապէս մեծաթիւ հայ գաղութներ ըլլան աւելի ուշադիր, աւելի նախանձախնդիր ԲԱԳԻՆի հանդէպ, որպէսզի հայ տպագիր մամուլի կեանքին 14 առ հարիւրը 52 տարեկան ԲԱԳԻՆը լեցնող գնահատելի երեւոյթը շարունակէ իր երթը նաեւ նոր ժամանակներու մէջ:
Պաշտօնական բաժնի աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան անդամ Րաֆֆի Հարպոյեան, ապա ներկաներուն տրուեցաւ առիթ՝ պարզելու մտահոգութիւններ, ուղղելու հարցումներ եւ կատարելու համապատասխան հաստատումներ:
Հուսկ, ԲԱԳԻՆի յիսուն եւ աւելի տարեդարձին առիթով պատրաստուած յատուկ կարկանդակը հատելու հրաւիրուեցաւ Համազգայինի նախկին Կեդրոնականի անդամ եւ ամէնէն տարեց ընկեր Վարուժան Տէմիրճեան, որուն շուրջ խմբուեցան գրողներ, մտաւորականներ, բանախօսները եւ Շրջանային Վարչութեան ու յանձնախումբի անդամներ:
Ս. Դ. Գրիգորեան