Հայ գրչի ու մշակոյթի տէր մշակը իր բազմապիսի վաստակով ցոյց տուաւ հանրութեան թէ իր տարած բարի պատերազմը կրցած էր յաղթել, հասցնել այն բարձունքին, ուր անլռելի զանգակատան ղօղանջով հասած էր իր երազին:
Արդարեւ Շաբաթ, 20 Յունիս 2009-ը, Համազգային Գոլստըն Ճեմարանի համար ցնծութեան օր էր: Բառեր չկան նկարագրելու, այլ՝ ապրում ու զգացում: Եթէ գէթ քիչ մը մեր մշակոյթի սիրահարն ենք, եւ անմեղ երեխաներու հրեշտակային արտայայտութիւնները գնահատելու նշոյլ մը կայ մեր ներաշխարհէն ներս, հապա ի°նչպէս չզգացուիլ այս հեռաւոր ափերուն, հոգեկան սնունդը մատակարարող մեր խոնարհ հերոսներուն հանդէպ, որոնց ճակտին՝ միմիայն զօրաւոր համբոյր մը դրոշմելը խիստ հարկաւոր է:
Այսօր ՀԱՍԳ Ճեմարանի մէջ հայ մանուկը իր ելոյթով ամենայն ճշգրտութեամբ ու բծախնդրութեամբ բեմին վրայ ներկայացուց «Դէպի Հայաստան ճամբորդութիւն» նիւթը:
Այստեղ հայ մանուկը ցոլացուց իր դասատուին ցուցմունքները հայելիի նման: Պանծացուց նաեւ մեր առաջին ուսուցչին՝ Մեսրոպ Մաշտոցի սուրբ եւ անմահ անունը: Ան իր թատերական ելոյթով հայրենի տեսարժան վայրերու շուրջ լայն բացատրութեամբ եւ երկխօսութեամբ փոխադրեց ականատեսը դէպի հայրենի երկիր իր կապոյտ երկինքով եւ զուլալ ջուրով: Ներկաներս առանց որեւէ դժուարութեան շրջեցանք հայրենիքի բոլոր տեսարժան վայրերը մէկ առ մէկ:
Թուենք անոնցմէ մէկ քանին.-
Զուարթնոց օդակայանը իր արդի սարքաւորումով արդէն զբօսաշրջիկներու համար դարձած է հիացմունքի վայրէջքի կայան մը:
Մատենադարանը, որ կառուցուած է 1957-ին, կը պարփակէ իր մէջ աւելի քան 17.000 բնագրեր եւ ձեռագրեր:
Ծիծեռնակաբերդը՝ մեր նահատակաց յուշարձանը, որ ամէն հայ ուսանող ինչ կարգի ալ պատկանի հարկ է գիտնայ անոր խոր իմաստը ու շարունակէ նահատակներուն կտակը:
Հոս պահիկ մը կանգ կ°առնէ ճամբորդական մեր ուղին, եւ ահա մանկապատանեկան ելոյթը կը խանդավառէ ներկաները:
Շարունակելով ճամբորդութիւնը՝ Գեղարդը, Գառնին, Էջմիածինը, Սեւանայ Լիճը, Արարատ լեռը եւ վերջապէս Սարդարապատն ու Ղարաբաղի Պապիկն ու Մամիկը հերթով կը տողանցեն ու ազգային ոգին կը սերմանեն հանդիսատեսի հոգւոյն մէջ:
Հրաշալի երեւոյթ էր լսել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի կենդանի ձայնը եւ իր հրահրումը ուղղուած հայ ուսուցչին:
Ծրագրի աւարտին ՀԱՍԳ Ճեմարանի ամբողջ աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական կազմը ձեռք-ձեռքի բռնած ամուր շղթայ մը կազմած՝ այլեւայլ ազգեր յատկանշող զանազան գլխարկներով, շուրջպար բռնեցին սրահին շուրջ:
Հանդիսութեան աւարտին Ճեմարանի տնօրէն Քայլար Միքայէլեան գնահատեց եւ շնորհաւորեց հայ մշակին ու աշակերտութեան տարած ժրաջան աշխատանքը: Ան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը կատարելու իր սրտի եւ փակման խօսքը:
Գերաշնորհ Սրբազան հայրը այնքան ոգեւորուած այս հանդիսութենէն հաստատեց որ Սիտնին իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով այսքան հիանալի աշակերտական ելոյթ կ°ունենար: Իր հովուապետական օրհնէնքով ու աշակերտութեան հետ բարձրաձայն տէրունական աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:
Մեծագոյն քայլն էր այս՝ թերեւս այն ծնողներուն համար, որոնք տակաւին երկմտանքի մէջ են իրենց զաւակները Գոլստըն Ճեմարան ղրկելու: Թո°ղ չվարանի հայ ծնողքը, այլ իր երկիւղածութեան մաքուր ոգիով այս սրբավայրին հանդէպ, թո°ղ խնդրէ մեծ Սուրբէն հետեւեալը.- «Քու երգերէդ երգ մը, կամ աղօթքէդ խունկ մը տուր ինձ, հոգւոյս մէջ դնելու... Երդուելու անսասան պահել գաղութիս փայլքը հանդիսացող այս տաքուկ միջավայրը, զօրակցելու անոր հոգւով ու սրտով հալ ու մաշ դարձող գրչի ու մշակոյթի հարազատ աշխատանքին»:
Թնդաց սրահը խուռներամ ծափերով եւ պարերով...
Զարուհի Մանուկեան՝
Մեծ մայր ՀԱՍԳ Ճեմապանի Ա. կարգի աշակերտ՝
Կարօտ Վարժապետեանի