Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Բարսեղ Կանաչեանի յիշատակին` հանդիսապետութեամբ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի ներկայացուցիչ Վիգէն վրդ. Տալգլճեանի:
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի ատենապետ Նորայր Նաճարեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Համազգայինի 90-ամեակին առիթով մասնաճիւղը փափաքած է միութեան հիմնադիրներ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, ինչպէս նաեւ հայ երգի մեծ վարպետ Բարսեղ Կանաչեանի շիրիմին մօտ կատարել իր ձեռնարկներէն մէկը` լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ այս երեք մեծերուն ոգեղէն էութիւնը յիշելու կողքին, պէտք է յիշել նաեւ անոնց նիւթական գոյութիւնը:
«Կ՛ըսեն, որ ննջեցեալը կ՛ուզէ բուռ մը խունկ, մոմ ու աղօթք: Մենք եկած ենք այսօր քիչ մը աւելին ընելու: Եկած ենք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու Նիկոլ Աղբալեանին եւ Լեւոն Շանթին, որոնք 90 տարիներ առաջ տեսլականը ունեցան Համազգայինի նման կազմակերպութեան մը ստեղծման անհրաժեշտութեան: Կազմակերպութիւն մը, որ 90 տարիներէ ի վեր աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ վառ կը պահէ հայ գիրն ու դպրութիւնը, հայ մշակոյթը` պայքարելով սփիւռքի մեծագոյն թշնամիին` ճերմակ ջարդին դէմ: