Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ Քէպէքի Հայ Բժշկական Ընկերակցութեան գործակցութեամբ, Երեքշաբթի 18 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Գ. Խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը» զոյգ հատորներու շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ բազմաթիւ ազգայիններու, բժիշկներու եւ հայ հրատարակութիւններ քաջալերող գրասէրներու:
Օրուան հադիսավարն էր «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անահիտ Պալեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն անդրադարձաւ, թէ ներկայացուելիք գիրքերը՝ «Բժիշկին Գ. Խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը» ո՛չ գրական քերթուածներ, ո՛չ վաւերագրական ժապաւէններ, ոչ ալ լուսանկարչական գիրքեր են, այլ՝ հարստութիւն մը, որ մաս կը կազմէ հայ բժշկագիտական գրականութեան: Գրականութիւն մը, որ հակառակ բազմաթիւ սփիւռքահայ բժիշկներու միջազգային բարձր մակարդակով մասնագիտական իրագործումներուն, այսօր համեստ ձեռքբերումներ ունի: Այդ բացը կը դրսեւորուի նաեւ հայ մամուլին մէջ, ուր յարաբերաբար թիւով քիչ են առողջապահական գիտելիքներու յատուկ յօդուածները:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան ծանօթ դէմք մը ըլլալով հանդերձ Մոնթրէալահայ գաղութէն ներս, Ա. Պալեան ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց անոր կենսագրական գլխաւոր գիծերը, նշելով թէ ան իր բժշկական ուսումը աւարտելէ ետք Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, հետեւած է քիթ-կոկորդ-ականջ մասնագիտական բաժանմունքին: Տասնամեակներ շարունակ գործած է իբրեւ մասնագէտ վիրաբոյժ իր մասնագիտութեան մէջ. հրատարակած է բժշկական ուսումնասիրական շարք մը յօդուածներ` իր հետքը ձգելով բժշկական միջազգային գրականութեան մէջ. նաեւ բժշկական եւ առողջապահական հայերէն յօդուածներով, դասախօսութիւններով եւ ձայնասփիւռային հաղորդումներով մեծապէս օգտակար հանդիսացած է հայ հասարակութեան: Ան իր կամաւոր օժանդակութիւնը բերելէ զատ Լիբանանի հայկական բարեսիրական եւ առողջապահական-բժշկական կեդրոններուն եւ դարմանատուներուն, իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է ազգային հասարակական կեանքէն ներս եւ ստանձնած կարեւոր պատասխանատուութիւններ եւ պաշտօններ: Առ ի գնահատանք իր երկար տարիներու ծառայութեան՝ գնահատագիր ստացած է Ճինիշեան հաստատութենէն եւ պարգեւատուած է «Համազգային»ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ «Համազգայինի Շքանշան»-ով:
Բժիշկ Հարպոյեանի բժշկական եւ առողջապահական աշխատասիրութիւններէն՝ «Բժիշկին Գ. Խօսքը» եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը» հատորները ներկայացուց իր մօտիկ բարեկամներէն եւ գաղութի կարկառուն դէմքերէն՝ Հորիզոն Շաբաթաթերթի եւ Հորիզոն Գրականի աւագ խմբագիր՝Վրէժ-Արմէն Արթինեանը, որուն նախքան բեմ ներկայանալը հանդիսավարը ներկայացուց անոր կեանքի ու գործունէութեան վերաբերող կարգ մը տուեալներ, նշելով թէ ան հեղինակն է Ոստայն 1, Ոստայն 2 , Ոստայն 3 - Հաղորդութիւն եւ Ոստայն 4 – Իմ ուղեպատումը՝ յուշագրական-ուղեւորական ժողովածուներուն եւ թէ շուտով առցանց լոյս պիտի տեսնեն անոր զոյգ հատորները՝ «Ոստայն 5- Նամակապատում» եւ «Ոստայն 7- Ժամադրավայր»: Առ ի գնահատանք իր անխոնջ աշխատասիրութեան եւ իր բերած ներդրումներուն ազգային թէ հասարակական կեանքէն ներս, ան արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ գիրի ու մշակոյթի սպասարկութեան յատկացուած՝ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին։
Վրէժ-Արմէն անդրադառնալով բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի 214 յօդուածներով, չորս հատորներու մէջ խտացուած գրական վաստակին մասին նշեց. «Անոնք ընթերցողին կը փոխանցեն օգտակար գիտելիքներ առողջապահութեան ու բժշկութեան մարզերուն վերաբերեալ՝ գրուած պարզ ու հասկնալի լեզուով, որոնք կը վերաբերին ոչ միայն բժիշկին անմիջական մասնագիտութեան՝ քիթ-կոկորդ-խռչափող-ականջի հիւանդութիւններուն, այլ ընդհանրապէս ժողովուրդը հետաքրքրող բազմաթիւ ախտերու ու ցաւերու մասին»:
Իսկ ինչ կը վերաբերի «Բժիշկին Դ. Խօսքը» հատորի վերջաւորութեան 126 էջանոց բառացանկերուն, ինչպէս նաեւ հեղինակին ու խմբագրին կողմէ առաջարկուած նոր հայերէն բառերու ցանկին, Վրէժ-Արմէն աւելցուց. «Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի այս շարքին կարեւոր ներդրումներէն մէկը, թերեւս ամէնէ՛ն կարեւորը մեր լեզուի զարգացումն է՝ բժշկական-գիտական առկայ եզրերու ծանօթացմամբ ու նոր եզրերու առաջադրմամբ»: Ան եզրափակեց իր խօսքը քաջալերելով ներկաները ունենալու առողջապահական ու բժշկական այս աշխատասիրութիւնները:
Ապա գնահատանքի խօսքերով հանդէս եկան Քէպէքի Հայ Բժշկական Ընկերակցութեան անդամ՝ բժիշկ Օհան Թապաքեան եւ նոյն ընկերակցութեան փոխ նախագահ՝ բժիշկ Սերօ Անտոնեան: Բժիշկ Թապաքեան իր շնորհաւորական խօսքէն անդին յայտնեց նաեւ իր համեստ կարծիքը գիրքին մէջ առաջարկուած՝ կարգ մը հայացուած բառերուն մասին, որոնք տեղ գտած էին հայերէն նոր բառերու ցանկին մէջ:
Աւելի ուշ, Անահիտ Պալեան բեմ հրաւիրեց «Բժիշկին Խօսքը» շարքի չորս հատորներու հեղինակ՝ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանը, փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին իր տրամադրած նիւթական յատկացումին համար, Մեծի Տան Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին իր քաջալերական նեցուկին համար,Գերաշնորհ Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանին գիրքին յառաջաբանը գրելուն համար, իր մօտիկ բարեկամներէն՝ Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանին գիրքի բովանդակութեան մասնագիտական խմբագրման համար: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկին հատորները ներկայացնող, ինչպէս նաեւ գիրքերուն լեզուական թէ ընդհանուր խմբագրումը կատարող Վրէժ-Արմէն Արթինեանին: Ապա շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք՝ Քէպէքի Հայ Բժշկական Ընկերակցութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Սանահին» մասանաճիւղի վարչութեան ու անոր գրական ձեռնարկները վարող՝ Անահիտ Պալեանին։ Բժիշկ Հարպոյեան նշեց, թէ ինք իր այս համեստ աշխատանքով կու գայ օգտակար հանդիսանալու հայ ժողովուրդին, իր հարազատ մայրենի լեզուով բժշկական ու առողջապահական որոշ դաստիարակչական գիտելիքներ փոխանցելու եւ ցուցմունքներ տալու:
Գրական ձեռնարկի աւարտին, առիթ տրուեցաւ հարցումներու, ապա Ա. Պալեան իր կարգին յայտնեց իր շնորհաւորութիւնները եւ շնորհակալական խօսքերը, որմէ ետք ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ ներկաները փոխանցեցին իրենց շնորհաւորանքը հեղինակին, որ մեծ ուրախութեամբ կատարեց հատորներու մակագրումը: Երեկոն շարունակուեցաւ սուրճի եւ համեղ կարկանդակներու անկիւնը:
Անահիտ Պալեան