Կիրակի 19 Յունիսի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանի, «Զ. Գաբրիէլեան» սրահը ժամադրավայրն էր դարձած երաժշտասէր ընտրանիին, երբ առաջին ձեռնարկի 15 աշակերտները երաժշտական իրենց նախասիրած գործիքի ուսումնառութեան աւարտին պիտի ստանային համապատասխան վկայական։
Սուրիական քայլերգին եւ Հայաստանի օրհներգի ունկնդրութենէն ետք, յայտագրի գործադրութեամբ յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան՝ Յակոբ Գոճիքեան օրկի վրայ ներկայացնելու Վ.Պալեանի «ՍէրսԳաղտնի Թող Մնայ» եւ Ռահպանիէն արաբերէն կտոր մը, Լիւսի Մութաֆեան դաշնամուրի վրայ նուագելու Առնօ Պապաջանեանի «Էլէկիա»ն, Յովիկ Արսլանեան կիթառով հանդէս գալու Luiss-ի «My Favoritta»ն, Ալինա Թահմիզեան օրկի վրայ մեկնաբանելու Խ. Աւետիսեանի «Ասում են թէ սիրոյս կը սպասեմ», Սերլի Խոշապճեան դաշնամուրի վրայ հնչեցնելու L.V.Beethoven-ի «Moonlight»ը, Միրնա Մինասեան օրկի վրայ լսելի դարձնելու R. Claiderman-ի «Mariage dþAmour»ը եւ Արա Գէորգեանի «Արցախ»ը, Նայիրի Պօղոսեանը մեկնաբանելու C Rwո-ի «Variation»ը ջութակի վրայ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Անժէլա Շէօհմէլեանի, Սագօ Շատոյեան օրկի վրայ ներկայացնելու Ա. Հէքիմեանի «Հայոց կանայք»ը եւ J. Randar-ի «New York»ը, Վանիա Եազճեան կիթառի վրայ նուագելուTarrega-ի «Al Hamra»ն, Անժելա Խտրլարեան դաշնամուրի վրայ ներկայացնելու Ա. Խաչատուրեանի Sonate 3 բաժինը, Հելէնա Տարագճեան օրկի վրայ հանդէս գալու Շ. Ազնաւուրի «La boheme»ով եւ Tarrega-ի «Malaguena»ով, Զանի Խորոզեան ջութակի վրայ մեկնաբանելու Գրիգոր Հախինեանի «Անընդհատ շարժում»ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Անժէլա Շէօհմէլեանի, Անդրանիկ Մինասեան կիթառի վրայ նուագելու «Malaguena»ն, Ժագի Մահսերէճեան դաշնամուրի վրայ ներկայացնելու Արամ Խաչատուրեանի «Toccata»ն, ապա դարձեալ դաշնամուրի վրայ եւ ընկերակցութեամբ Աննա Սարաճեանի քառձեռն, հանդէս գալու Արամ Խաչատուրեանի «Սուսերամարտ»ով։
Յայտագրի աւարտին դարձեալ բեմ բարձրացան շրջանաւարտ նուագողները եւ յաջորդաբար ներկայացուցին իրենց շնորհակալական արտայայտութիւնը ու հրաւիրեցին իրենց ուսուցիչը կամ ուսուցչուհին։ Այնուհետեւ բեմ հրաւիրելով Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Պարգեւ Պիւպիւլեանը, վարչական տնօրէնուհի Ազնիւ Շէօհմէլեանը, հայրենիքէն հրաւիրուած երաժշտանոցէ ներս գեղարուեստական տնօրէն Արմէն Ճենտերէճեանը, «Բ.Կանաչեան» երաժշտական միաւորի ատենապետ Վարդան Քէօշկէրեանը, Արժ. Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեանը՝ կատարելու վկայականաց բաշխումը, ապա փոխանցելու սրտի խօսքը, շնորհաւորելու շրջանաւարտներն ու ծնողները եւ «Պահպանիչ»ով փակելու երեկոն։
Հանդիսութեան Բ. բաժինը կայացաւ նոյն երեկոյեան ժամը 9։00-ին, դարձեալ նոյն սրահէն ներս, երբ յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան՝ Սօսի Քիլէճեան դաշնամուրի վրայ ներկայացնելու Glinga-ի «Nocturne», Արփի Չամիչեան դաշնամուրի վրայ մեկնաբանելու F.Chopin-ի «Nocturne No 19»ը, Հերա Կտանեան դաշնամուրի վրայ նուագելու Ա. Խաչատուրեանի «Լուլլապի» Գայիանէ Պալէթէն, Գէորգ Եղիայեան օրկի վրայ հանդէս գալու F.Shubert-ի «Military march op 51 No1», Շաղիկ Շահինեան քանոնի վրայ ներկայացնելու Գ.Մանասեանի «Պոհեմ պար»ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մեղրիկ Կարապետեանի։ Սիփան Իփէքճեան դաշնամուրի վրայ հանդէս գալու «Mozart»ի «Sonate No 11 Variation»ը, Պերճ Խաչատուրեան դաշնամուրի վրայ նուագելու Hisaishi-ի «Nocturne»ը, Շիրազ Սարգիսեան ձայնամարզութեան յայտագրով հանդէս գալու «Un Giorno per noi»ի Nino roda-ով, Վանենի Պիլեմճեան քանոնի գործածութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մեղրիկ Կարապետեանի, Խ. Աւետիսեանի «Զարթօնքը», Բեկոր Սանճեան օրկի վրայ ներկայացնելու Yanni-ի «Nostalgie»ն եւ Գ. Երանեանի «Կիլիկիա»ն, Կարինէ Հալլաճեան դաշնամուրի վրայ հանդէս գալու F. Chopin-ի «Valse op 34 No2», Շողեր Տէյիրմէնճեան քանոնի վրայ մեկնաբանելու Խ. Աւետիսեանի «Տոկատ»ը, Պէթի Չաղլասեան դաշնամուրի վրայ ներկայացնելու Bercovitch-ի «Variation in theme paganini»ն, Քրիստինա Գասպարեան դաշնամուրի վրայ նուագելու C.A. Debussy-ի «Լուսնի լոյսը», Կարինէ Փոնդիկեան դաշնամուրի վրայ ներկայացնելու F. Chopin-ի «Polonaise», Կարօ Աւագեան դաշնամուրի վրայ ներկայացնելու F. Chopin-ի «Nocturne No 20», Սարգիս Թիւֆէնքճեան դաշնամուրի վրայ ներկայացնելու L.V. Beethoven-ի «Sonate Pathetique c moll op 13 No 8»։
Յայտագրի աւարտին բեմին վրայ երեւցան շրջանաւարտ նուագողները, որոնք յաջորդաբար ներկայացուցին իրենց շնորհակալական խօսքը եւ հրաւիրեցին իրենց դասատուները։ Այնուհետեւ բեմ բարձրանալով Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացու ցիչ Պ. Պիւպիւլեանը, վարչական տնօրէնուհի Թագի Տողրամաճեան, հայրենիքէն հրաւիրուած եւ
երաժշտանոցէներս գեղարուեստական տնօրէն Արմէն Ճենտերէճեան, «Բ.Կանաչեան» երաժշտական միաւորի ատենապետ Վարդան Քէօշկէրեան,արժ. Տ. Եղիշէ Քհնյ. Սարգիսեան՝ կատարելու վկայականաց բաշխումը, ապա փոխանցեց սրտի խօսքը եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու ծնողները եւ «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը։
Էմմա