Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ մը` նշելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակը: