Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ին Հայ Կաթողիկէ Ամինեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լ.Շանթ մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած գեղարուեստական երեկոն, ներկայութեամբ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հոգշ. Տ. Գէորգ Պահէեանի, Սուրիոյ մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Դոկտ. Արշակ Փոլատեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի Յարգարժան երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի, Շրջանային Վարչութիւններու եւ Միութիւններու ներկայացուցիչներու, Սուրիական մշկ. լրատուական կայաններու պատասխանատուներու եւ ազգայիններու:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք մէկ վայրկեան յոտնկայս ներկաները յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:
Օրուան հանդիսավար Շողիկ Սարգիսեան ողջունեց ներկաները եւ արաբերէնով փոխանցեց Վարչութեան խօսքը, ապա Համազգայինի Լ.Շանթ մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց Յաւերժ Սանոսեան, որ վեր առաւ հայ մշակոյթը եւ գեղարուեստը հայ ժողովուրդի ազգային, ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան.
Նուագ – ջութակ՝ կատարողութեամբ Սերլի Պուրունսսւզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժանէթա Պուրունսւզեանի
Երգ -կատարողութեամբ Ասպետ Քէլխաչերեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Շանթ Քէշիշեանի
Նուագ – Ֆլիւթ՝ կատարողութեամբ Անի Աբրահամեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժանէթա Պուրունսւզեանի
Երգ -կատարողութեամբ Մեղրի Պետիրեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նարեկ Ապաճեանի
Ասմունք -կատարողութեամբ Ռուզան Սեւերեկլեանի
Ժողովրդային պար -Կատարողութեամբ Արմէն Երէցեանի, Հայկազ Սողոմոնեանի, Սերժ Անտոնեանի, Քրիստ Այնթապլեանի. Մենակատար՝ Յաւերժ Սանոսեանի
Նազ Պար -կատարողութեամբ Արազ Պուրունսուզեանի, Մարի Գարակէօզեանի, Ռիթա Գալէմքէրեանի
Եկու պարերը պատրաստեց Յաւերժ Սանոսեանը:
Յատագիրը փակեցին Մեղի Պետիրեան եւ Ասպետ Քելխաչերեան միասնաբար երգելով حلوة حلوة يا بلدي:
Հոգշ. Տ. Գէորգ Պահէեան Պահպանիչով փակեց ձեռնարկը: