Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 5 Փետրուար 2012-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակագիր, վաւերագրող, արձակագիր Գէորգ-ճորճ Աբէլեանի յիշատակին նուիրուած կոկիկ ձեռնարկ մը՝ Քեսապի Հայ առաքելական եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւորականներուն, գրասէր հայրենակիցներու ու հարազատներու ներկայութեամբ:
Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Վարդենի Դանիէլեան, որ շեշտեց ձեռնարկի կազմակերպման շարժառիթն ու կարեւորութիւնը, յայտնելով թէ՝ վարչութիւնը ձեռնարկը կազմակերպած է յարգանքի, պարտքի եւ գնահատանքի մղումներէ թելադրուած, եւ ոչ թէ լոկ ընկալեալ սովորութիւն մը (մահուան քառասունքի առիթ) յարգած ըլլալու պարտաւորութեամբ: Որովհետեւ Գէորգ-Ճորճ Աբելեան կէս դար անընդմէջ իր կեանքը նուիրած է հայ գիրին ու գրականութեան՝ իր ետին թողելով հայ դպրութեան ծառայելու օրինակ մը եւ գրչի վաստակ մը:
Բացման խօսքէն ետք Մեղրի Աբէլեան ներկայացուց Գէորգ-Ճորճ Աբելեանի կենսագրութիւնը, մինչ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին խօսքին համապասախան դրուագներ Աբելեանի գրական գործունէութենէն:
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանի միջնակարգ բաժնի հայերէնի ուսուցչուհի Սիլվի Աբէլեան-Ճղլեան ներկայացուց գրագէտն ու անոր գործերը, որմէ ետք Անի Աբէլեան ընթերցեց հատուած մը «Աննա Հարսը» վէպէն: Յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր. Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարանի ԺԱ. կարգի աշակերտուհի Վանա Դանիէլեան ասմունքեց Վ. Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»ը, իսկ Կարօ Չերչիկեան սրինգի վրայ նուագեց «Վէրքերով լի»: Վերջին խօսք առնողը եղաւ Նշան Պասմաճեան, որ լայն գիծերու մէջ արժեւորումը կատարեց Գէորգ-Ճորճ Աբելեանի գրական վաստակին:
Աչքառու էր բեմին եւ սրահին միջեւ ներդաշնակ հաղորդակցութիւնը՝ համահունչ ձեռնարկի բնոյթին: Քեսապցիներ, որոնք պայմաններու բերումով չէին կրցած ներկայ գտնուիլ Գէորգ-Ճորճ Աբելեանի յուղարկաւորութեան, այս ձեռնարկին ընդմէջէն յարգանքի իրենց տուրքը (անկասկած ոչ վերջինը) մատուցեցին իրենց գրագէտ հայրենակիցին, որ Քեսապ չապրելով հանդերձ, Քեսապն ու քեսապցին իր գրականութեան նիւթ դարձուցած է հարազատ անկեղծութեամբ: Օրուան մեծ ներկան Գէորգ-Ճորճ Աբելեանն էր. ոգեղէն ներկայութիւն մը՝ առինքնող ու բարի, պարզ ու անկեղծ: Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան մեծ պաստառին նկարը աւելիով կը շեշտէր ատիկա: Իսկ սրահին մուտքին անոր գիրքերը վաւերական փաստն էին գրագէտի անկորնչելի վաստակին:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Արժ. Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանի գնահատական եւ շնորհակալական հակիրճ խօսքին յաջորդած պահպանիչով:
Համազգայինի
Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութիւն