15-16 Մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու Ազգային ժողովին գործակցութեամբ կազմակերպուած` «Կրթամշակութային կեանքը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարիներին» գիտաժողովը:
15 Մայիսի բացման նիստին ողջոյնի խօսքով եւ նման նիւթերով գիտաժողովներու կարեւորութեան մասին հանդէս եկան Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան:
Երեւանի պետական համալսարանի կեդրոնական շէնքին մէջ կայացած գիտաժողովին 1918-1920 տարիներու Հայաստանին նուիրուած կարճ զեկուցումներով հանդէս եկան 24 մասնագէտներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Զեկուցումներուն հիմնական առանցքը կրթական եւ մշակութային կեանքն էր, եւ այս առանցքին մէջ նիւթերը բազմազան եւ բազմաբնոյթ էին:
Առաջին նիստին ներկայացուեցան այդ տարիներու կրթական եւ մշակութային քաղաքականութիւնը, կրթութեան կազմակերպումը, դպրոցական համակարգը եւ սփիւռքի հետ կապերը:
Երկրորդ նիստին զեկուցաբերները ներկայացուցին կրթական-մշակութային կեանքին մէջ եկեղեցւոյ մասնակցութեան, արուեստի ու հայերէն ձեռագիրներու հանդէպ Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին մշակուած քաղաքականութիւնը, Ազգային գրադարանի կազմաւորումն ու 1991-2018 տարիներուն հայաստանեան հեռատեսիլի կայաններու անդրադարձը Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան:
Երրորդ եւ չորրորդ նիստերու զեկուցաբերները առաւելաբար գրական նիւթեր արծարծեցին: Ներկայացուեցան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին ստեղծուած գրականութիւնը, կրթական եւ մշակութային հարցադրումները, այդ տարիներուն Յովհաննէս Թումանեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի գրական գործունէութիւնն ու աշխարհահայեացքը, Զ. Խրախունիի մօտ պետական խորհուրդներու այլաբանութիւնը, «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպի գրառումները: Ներկայացուեցան նաեւ զեկուցումներ` Կոստան Զարեանի «Նաւը լերան վրայ» վէպի եւ Երուանդ Ֆրանքեանի մասին:
Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցած քննարկումները կը խօսէին նիւթերու հանդէպ ստեղծուած հետաքրքրութեան մասին: Ուշագրաւ էին առաջին եւ երրորդ հանրապետութիւններուն միջեւ ընդգծուած զուգահեռները, որոնց ընդմէջէն աւելի կը շեշտուէին Առաջին Հանրապետութեան պետական ճիգերը` ունենալու համար արդիական, ամուր եւ ազգային կրթական-մշակութային համակարգ:
Հայաստանի Ա. անկախութեան 100-ամեակին ու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակին առիթով կազմակերպուած այս գիտաժողովը յաջողեցաւ իրականացնել իր նպատակը` համակողմանիօրէն, գիտական եւ արդիական չափանիշներով քննելով հարիւր տարի առաջ ձեւաւորուած գրական-մշակութային կեանքը, լուսարձակի տակ առնելով գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտի պետական քաղաքականութեան հիմքերը, անդրադառնալով բարձրագոյն կրթական օճախներու եւ այլ ազգային հաստատութիւններու կազմաւորման եւ այլ նիւթերու: Անիկա նախանշեց նիւթերու լայն, շատ լայն շրջանակ մը, որ արժանի է աւելի ծաւալուն ուսումնասիրութեան ու ներկայացման, մանաւա՛նդ երբ այդ նիւթերը կը վերաբերին մեր պետականութեան պատմութեան կարեւոր մէկ շրջանին` Առաջին Հանրապետութեան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ