Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Արամ Ա. Կաթողիկոս 5000 Տոլար Նուիրեց Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» Թատերախումբին
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Հինգշաբթի 8 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հոծ բազմութեան դիմաց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղը ներկայացնելէ ետք, Ուրբաթ երեկոյեան հանդէս եկաւ «Սիրոյ քեսթինկ», Շաբաթ երեկոյեան` «Երկնագոյն շան աչքերը» ներկայացումներով, իսկ Կիրակի երեկոյեան անգամ մը եւս հանրութեան ներկայացաւ «Հարսանիք թիկունքում» թատերախաղով:
«Սիրոյ քեսթինկ»թատերախաղը կատակերգութիւն է, որ կը խօսի երեք տարեց կիներու մասին, որոնք մինակ կ՛ապրին եւ յանկարծ կ՛որոշեն իրենց այդ յառաջացած տարիքին մէջ ամուսնանալ: Անոնցմէ մէկը կը փորձէ համացանցով ամուսին գտնել իր ընկերուհիներէն մէկուն: