Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» Մեկուսի Մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, Ուրբաթ 15 Փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Գրական Գործունէութիւն եւ Գրական Դաշտ (Սփիւռք-Հայաստան)» երեկոն:
Օրուան բանախօս հիւրն էր Հայաստանի եւ Սուրիահայ Գրողներու Միութեան անդամ՝ Տիգրան Գաբոյեան: Բացման խօսքը կատարեց ատենապետուհի՝ Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան: Բարի գալստեան մաղթանքէն ետք ան հակիրճ ներկայացուց Գաբոյեանի կենսագրական գիծերը:
Ապա խօսք առաւ Շաքէ Մանկասարեան ու ընթերցեց Տիգրան Գաբոյեանի գրական յօդուածներէն մէկը, որմէ ետք կատարեց հարցազրոյց գրագէտին հետ:
Ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու: Դասախօսը անհրաժեշտ բացատրութիւններով գոհացում տուաւ ներկաներուն հարցումներուն:
Վարչութեան ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Գաբոյեանին եւ յաջողոթիւն մաղթեց անոր ապագայ բոլոր ծրագիրներուն:
Ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Տիգրան Գաբոյեան մակագրեց վարչութեան կողմէ պատրաստուած յօդուածներու հաւաքածոյ գրքոյկը:
Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն: